«Վերածնունդ.- Երգահանդէս՝ Նուիրուած Մեր Հերոսներուն» Նիւ Ճըրզիի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Նիւ Ճըրզիի մէջ, Շաբաթ, Մարտ 25-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Վերածնունդ.- Երգահանդէս՝ Նուիրուած Մեր Հերոսներուն» ձեռնարկը կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Օ.Մ.-ի «Ակնունի», «Արմենուհի», «Շաքէ» մասնաճիւղերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, «Համազգային»-ին եւ Հ.Ե.Դ. «Արսէն» մասնաճիւղին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը։

Ելոյթ պիտի ունենան Նունէ Եսայեան, Արաբօ Իսպիրեան եւ Արա Տինքճեան։ Յառաջիկայ շաբաթներուն, լոյս պիտի ընծայուի մասնակցող արուեստագէտներուն ցանկը։

Այս երգահանդէսը ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն նուիրուած է:

«Մեծ խանդավառութեամբ կը սպասենք այս օրը։ Բազմաթիւ աստղեր երաժշտութեամբ, պարով եւ մշակոյթով ելոյթ պիտի ունենան եւ յարգեն յիշատակը նահատակուած հերոսներուն», կը յայտնէ «Վերածնունդ»-ի կազմակերիչ յանձնախումբի անդամ՝ Ալեքսա Յակոբեան:

Տոմսերը կարելի է ստանալ www.eventbrite.com կայքէջէն: