
Նոյեմբեր 9-ի Համաձայնագիրը Արցախը Չէ Ստորագրած, Արցախը Չէ Յանձնած Ակնան, Քարվաճառն ու Քաշաթաղը, Համաձայնութիւնը Տուած է ՀՀ Ղեկավարը․ Բալայեան
ՀՀ իշխանութիւններուն դիրքորոշումը, անոնց կողմէ առաջ տարուող թեզը, թէ Արցախը պէտք է ուղիղ բանակցի ազրպէյճանի հետ, կեղծ թեզ է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախը այդ շփումներէն միայն կը տուժէ, կը կորսնցնէ, քանի որ միջոցներ չունինք։ «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման տեսակէտ հնչեցուցած է Արցախի ԱԺ պատագմաւոր Վահրամ Բալայեան։
«Կը կարծեմ՝ պէտք է հեռու մնալ ազրպէյճանցիներու հետ հանդիպումներէն։ Ատիկա ոչ մէկ հարց կը լուծէ, աւելին՝ ամէն մէկ նման հանդիպում ալ աւելի կը վատացնէ վիճակը։ Եթէ հանդիպումներ ըլլան՝ առնուազն միջազգային կառոյցներու ներկայութեամբ, այլ ձեւաչափով պէտք է ըլլան»,- ըսած է Բալայեան։
Արցախի ԱԺ պատգամաւորը կ՝ահազանգէ՝ Արցախի մէջ բաւարար միջոց չկայ ազրպէյճանին դիմակայելու համար. Հայաստանը անյապաղ պէտք է դուրս գայ դիտորդի կարգավիճակէն ու վերսկսի կատարել Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իր պարտաւորութիւնը։
«ՀՀ իշխանութիւնները, փաստացի, կը հրաժարին պատասխանատւութենէ։ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը Արցախը չէ ստորագրած. մենք չենք համաձայնած յանձնել Ակնան, Քարվաճառն ու Քաշաթաղը։ Այդ համաձայնութիւնը տուած է ՀՀ ղեկավարը։ Եթէ ան ստորագրած է այդ համաձայնագրին տակ, ուրեմն պատասխանատու է անոր հետեւանքներուն համար ու պարտաւոր է ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններ վարելու եւ ոչ թէ ըսելու՝ Արցախը թող ազրպէյճանի հետ իր հարցերը լուծէ։ Ստեղծուած վիճակին մէջ ազրպէյճանի հետ ցանկացած շփում աւելի կը մօտեցնէ վերջնական կործանումը»,- նշած է Վահրամ Բալայեան։
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ հաւանաբար Արցախի մէջ հանրաւահաքներ իրականացնելով հնարաւոր ըլլայ սթափեցնել Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնն ու փոխել իրավիճակը, Բալայեան պատասխանած է. «Երկու հուժկու հանրահաւաքով արցախահայութիւնը իր կամքն ու անհանգստութիւնը արտայայտած է, Արցախի ԱԺ-ն յայտարարութիւններ ընդունած է. հիմա այդ տեսակէտերը իրացնելու համար աջակցութիւն պէտք է։ Այդ է, որ, դժբախտաբար, չկայ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն։ Բացի այդ, շրջափակման պայմաններուն մէջ, երբ մէկ լուցկի գտնելն անգամ խնդիր է, մարդիկ չեն կրնար, վառելիք չունին, որ ամէն օր հանրահաւաքի ելլեն։ Արցախի մէջ ապրողները ամէն օր կը պայքարին՝ այստեղ շրջափակուած ապրելով, սահմանին կանգնած ըլլալով։ Կը դիմադրեն եղած միջոցներով, բայց միջոցները անբաւարար են։ Ժողովուրդը պէտք է սթափուի, ի վերջոյ, գիտակցի, որ կտոր-կտոր տալով կը հասնին իր տուն»։