
Մեր Նպատակը Աւելի Քան Պարզ է՝ Արցախի Հայկական, Անկախ, Անվտանգ ու Արժանապատիւ Ապագան․ Ռուբէն Վարդանեան
Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է․ «Ես կը հաւատամ, որ նոյնիսկ ամենածանր ճգնաժամերը յաղթահարելի են, եթէ կայ դրուած յստակ նպատակ, եթէ կայ այդ նպատակին հասնելու միասնական կամք ու յամառութիւն եւ կան առաջնորդներ, որոնք ամէն գնով պիտի ձգտին այդ նպատակի իրականացման:
Մեր նպատակը աւելի քան պարզ է՝ Արցախի հայկական, անկախ, անվտանգ ու արժանապատիւ ապագան: Արցախի մէջ գտնուելով՝ ես կը տեսնեմ այդ նպատակին շուրջ ժողովուրդին միասնականութիւնը: 90 օրէն աւելի շարունակուող ծանր շրջափակումը ի զօրու չէ կոտրելու արցախահայութեան ոգին ու կամքը: Ես բազմիցս ըսած եմ, որ այսպիսի ժողովուրդի հետ ցանկացած մարտահրաւէր յաղթահարելի է, ցանկացած բարդ իրավիճակէ կը գտնուի լուծման ճանապարհ:
Այսպիսի իրավիճակի մէջ չափազանց կարեւոր է առաջնորդներուն դերը։
Իրական առաջնորդներուն, ոչ թէ պարզապէս ղեկավար պաշտօն զբաղցնողներուն: Պէտք են մարդիկ, որոնք ոչ միայն կը յայտարարեն նպատակին հասնելու սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, պարտադիր պահպանման ենթակայ կարմիր գիծերուն մասին, այլեւ սեփական օրինակով, տրուած խոստումին ու սկզբունքներուն հաւատարիմ ըլլալով կը դառնան անոնց երաշխաւորը: Այդ առաջնորդները ժողովուրդը կը տանին համախմբման ճանապարհով, անոնք անհանդուրժող են հաւաքական նպատակին հասնելու կանոններն ու սկզբունքները խախտողներուն հանդէպ, քանի որ պահը ճակատագրական է:
Եւ հակառակը, շատ վտանգաւոր է, երբ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ ղեկավար պաշտօն զբաղցնողները չեն գիտակցիր իրենց ստանձնած պատասխանատուութեան ողջ լրջութիւնը:
Այս ամէնը աւելի քան կարեւոր է, քանի որ ասիկա կամքի ու յամառութեան, վճռականութեան ու հաւատի պայքար է:
Յ.Գ. Ի դէպ, «Մեր սարերը» կեդրոնին մէջ, յաջորդ շաբթունէ առաջնորդութեան թեմայով դասընթացներ պիտի սկսին: