
«Ապագայ Հայկականը» Նախաձեռնութիւնը Ամփոփեց Համաժողովը
Երեւանի մէջ, Մարտ 10-12, առաջին համահայկական քաղաքացիական Համաժողովը մէկ դահլիճի մէջ համախմբած է աշխարհասփիւռ հայութեան մանրակերտը: Համաժողովի 200 մասնակիցները ընտրուած էին թափանցիկ վիճակահանութեամբ եւ ներկայացուցչական ընտրանքի եղանակով ՀՀ-էն, Արցախէն ու Սփիւռքէն նախապէս արձանագրուած հազարաւոր հայրենակիցներէն՝ կապուած սեռատարիքային, կրթական եւ բնակութեան վայրի ցուցանիշներով: Դժբախտաբար, Արցախի մէջ տիրող ճգնաժամին պատճառող՝ ընտրուած որոշ մասնակիցներ հնարաւորութիւն չունեցան մասնակցելու առկայ ձեւաչափով:
Համաժողովին քննարկուեցան «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան 15 նպատակներէն երեքը՝ «Պատմական պատասխանատուութիւն», «Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւն» եւ «Բնակչութեան աճ»: Մասնակիցներու քննարկման դրուած սենարներուն եւ ծրագրերուն վրայ հինգ ամիս շարունակ աշխատած են հայկական փորձագիտական համայնքի 100-է աւելի ներկայացուցիչներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են բազմաթիւ հիւրեր եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Համաժողովը սկիզբ առաւ «ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյեանի եւ տեսակապի միջոցով միացած Ռուբէն Վարդանեանի ելոյթներով: Այնուհետեւ, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ․ Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան ներկայացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական ուղերձը:
Առաջին օրուան քննարկումները նուիրուած էին «Պատմական պատասխանատուութիւն» նպատակին, որուն փորձագիտական յանձնախումբին ղեկավարն էր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը:
Երկրորդ օրուան քննարկումները նուիրուած էին «Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւն» նպատակին, որուն փորձագիտական յանձնախումբին ղեկավարն էր հրապարակախօս, «Առաւօտ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանը:
Երրորդ օրուան քննարկումները նուիրուած էին «Բնակչութեան աճ» նպատակին, որուն փորձագիտական յանձնախումբին ղեկավարն էր «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր, «Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Արմինէ Յովհաննիսեանը:
Մասնակիցները երկրորդ օրը այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն-յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայրենիքի համար նահատակուած հայորդիներու յիշատակին:
Համաժողովը աւարտեցաւ փակման պաշտօնական արարողութիւնով, որուն ելոյթով հանդէս եկան ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Արթուր Ալավերդեանը եւ Ռիչըրտ Ազարնիան: Ելոյթները եզրափակեց «Ապագայ հայկականը» զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արտակ Ապիտոնեանը՝ կարեւոր համարելով իւրաքանչիւր հայրենակիցի աշխոյժ մասնակցութիւնը նախաձեռնութեան յետագայ ընելիքներուն:
Համաժողովի իւրաքանչիւր օր կ՝աւարտէր քաղաքականութեան առաջարկներուու եւ նախաձեռնութիւններու առաջնահերթութիւններու քուէարկութիւններով: Անոնք կը համակարգուէին մասնակիցներուն կողմէ ինքնաառաջադրման սկզբունքով ընտրուած Հաշուիչ/վերահսկիչ յանձնախումբին կողմէ:
Յատկապէս ուշագրաւ էին Արցախի համահայկական պատասխանատուութեան (Օր 1), Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հիմնական օրակարգին (Օր 2), ներգաղթի կազմակերպման քաղաքականութեան (Օր 3), ինչպէս նաեւ նախաձեռնութիւններու առաջնահերթութիւններուն վերաբերող քուէարկութիւններուն արդիւնքները:
Քննարկումներու երեք օրերուն ընթացքին Համաժողովի մասնակիցները հանդէս եկան արձանագրուած 2000-է աւել դիտարկումներով եւ մտահոգութիւններով, ներկայացուցին տասնեակ հանրային նախաձեռնութիւններ, որոնք ունին ծրագրային առաջարկի տեսք, եւ իրենց քուէարկութեամբ սահմանեցին անոնց իրականացման առաջնահերթութիւնները
Այսպիսով, «Ապագայ հայկականը» ձեւաւորած էր հարթակ մը, ուր աշխարհասփիւռ հայութեան ամենատարբեր խումբերու ներկայացուցիչներ ուսումնասիրեցին, քննարկեցին եւ ընտրեցին փորձագիտական գնահատում անցած սենարներն ու ծրագրերը՝ միահամուռ ուժերով սահմանելով ապագայի իրենց տեսլականը: