ազրպէյճանը Պատրաստ է Ռազմական Ճնշում Գործադրելու Իր Նպատակներուն Հասնելու Համար. ԱՄՆ Յատուկ Ծառայութիւններուն Զեկոյցը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան տնօրէնի գրասենեակը հրապարակած է «Համաշխարհային վտանգներ» զեկոյցը, ուր ի թիւս համաշխարհային տարբեր խնդիրներու, անդրադարձ կայ նաեւ մեր տարածաշրջանին եւ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան:

Զեկոյցի այդ հատուածին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի.

«Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը մնան լարուած եւ երբեմն անկայուն՝ խաղաղութեան պայմանագրի բացակայութեան պայմաններուն մէջ՝ հաշուի առնելով միջպետական սահմանին զինուած ուժերուն իրար մօտ ըլլալը, հրադադարի պահպանման մեքենականութեան բացակայութիւնը եւ ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը՝ ռազմական ճնշում գործադրելու Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ իր նպատակները առաջ մղելու համար: Զինուած ուժերու շարունակական ներկայութիւնը սահմանազատուած սահմանի երկայնքով կը բարձրացնէ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ զինուած առճակատման վտանգը, թէեւ նման առճակատումները, հաւանաբար, ըլլան սահմանափակ տեւողութեամբ եւ անմիջականութեամբ»:

Զեկոյցը նաեւ կ՝անդրադառնայ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ յարձակողականութեան: Այդ հատուածով կը նշուի,- «2021 թուականի Մայիսէն միջպետական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի կ՝ունենան պարբերաբար ռազմական բախումներ։ Առաւել անմիջական բռնկումը տեղի ունեցած է 2022-ի Սեպտեմբերին, երբ ազրպէյճանական ուժերը համակարգուած յարձակում սկսան սահմանի երկայնքով քանի մը վայրի մէջ՝ գրաւելով հայկական որոշ տարածքներ եւ յանգեցնելով շուրջ 300 զինուորականի զոհուելուն։

Խաղաղ բանակցութիւնները արձանագրած են որոշ յառաջընթաց, սակայն ամենադժուար խնդիրները՝ կապուած պետական սահմաններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապագային հետ, հեռու են լուծուելէ»: