Շրջափակման Օրերուն ՀՕՄ-ը Կը Շարունակէ Հաւատարիմ Մնալ Իր Առաքելութեան

Հայաստան, Սփիւռք

Աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հայացքը այժմ ուղղուած է երկրաշարժի հետեւանքով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ հայկական համայնքին: Միանալով ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն եւ ողջ հայութեան ուղղուած «Ձեռք ձեռքի մեր հայրենակիցներուն կողքին» կոչին՝ Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ կը միանայ համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն։ Այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը։

Ան նշած է, որ հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն՝ Արցախի կառավարութիւնը, համագործակցելով Հայ օգնութեան միութեան Արցախի մասնաճիւղին հետ, որոշում կայացուցած է միանալու համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն՝ կազմակերպելով դրամահաւաք․ «Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ ու իրարու սատար կանգնելու անկեղծ ջանքերով հնարաւոր է յաղթահարել ինչպէս բնութեան արհաւիրքները, այնպէս ալ՝ արհեստածին մարտահրաւէրները։ Ձեր նուիրատուութիւնները ՀՀ դրամով կրնաք կատարել «Արցախբանկ»-ի մէջ բացուած հաշուէհամարին՝ 22300100156701»։

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհիին խօսքով՝ ՀՕՄ-ը շրջափակման օրերուն կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան եւ կը փորձէ ամէն կերպով նպաստել հասարակական, կրթական, առողջապահական եւ այլ ոլորտներու զարգացման։ «Շրջափակման պայմաններուն մէջ առաջին հերթին փորձած ենք ուրախացնել երեխաները։ Քանի որ շրջափակման պայմաններուն մէջ հնարաւոր չէր մեծ քանակով նուէրներ ձեռք բերել, օգտուած ենք պահեստներու մէջ առկայ խաղալիքներէն, հագուստներէն, որոնք կ՝ուղարկեն ՀՕՄ-ի տարբեր մասնաճիւղերը։ Մեր միաւորը ԱՀ Ասկերանի շրջանի Խնապատ, Մարտունիի շրջանի Խնուշինակ, Մարտակերտի շրջանի Մոխրաթաղ ու Գառնաքար համայնքներու աշակերտներուն, Ասկերանի շրջանի Այգեստան համայնքի մանկապարտէզի մօտ 500 երեխաներու համար պատրաստած է ամանորեայ անակնկալ: Նշուած համայնքներու մանուկներն ու պատանիները արժանացած են նուէրներու»,- ըսած է Լ․ Մարտիրոսեանը:

Ան խօսած է այլ ծրագրի մը մասին, որուն օգտակարութեան մասին մէկ անգամ եւս համոզուած են շրջափակման օրերուն, երբ ելեկտրականութեան ու կազի յաճախակի անջատումներ կ՝ըլլային։

«Արցախի շարք մը համայնքներու մէջ 101 արեւային ջրատաքացուցիչներ տեղադրուած են զոհուած, հաշմանդամութիւն ունեցող, բազմազաւակ ընտանիքներու համար։ Քանի մը սարք դեռ պիտի տեղադրուի, ճանապարհի փակ ըլլալուն պատճառով չեն հասած հասցէատէրերուն»,- ըսած է Լ․ Մարտիրոսեանը՝ աւելցնելով, որ կը նախատեսուի ծրագիրը շարունակել։

Յիշեցնենք, որ շրջափակման օրերուն ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանը շուրջ 10 թոն պարենամթերք յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան։ Այս մարդասիրական օգնութիւնը ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ հասած է Արցախ:

ն