ՀՅԴ-ն Կը Հաւատայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութեան Ուժին․ ՀՅԴ Բիւրօ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն ծիրէն ներս վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Ռուբէն Վարդանեանի պաշտօնանկութիւնը, հակառակ ներկայացուած բացատրութիւն-հիմնաւորումներուն՝ առիթ կու տայ բազմաթիւ հարցերու եւ մտահոգութիւններու: Հանրային տրամադրութիւններու անտեսմամբ եւ առանց դերակատար քաղաքական ուժերու համախոհութեան նման որոշման կայացումը, անկախ դրդապատճառներէն, ինքնին անընդունելի է:

Խնդիրը այն է, թէ Արցախի դիմադրողականութեան առումով կայացուած որոշումը որքա՞ն ճիշդ: Ի սկզբանէ յայտնի էր, որ պետնախարարի պաշտօնին Ռուբէն Վարդանեանի նշանակումը թէ՛ ազրպէյճանի մէջ, թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի որոշ շրջանակներու համար պիտի արժանանար լուրջ հակազդեցութեան: Այդպէս ալ եղաւ, երբ ալիեւեան բռնապետութիւնն ու Հայաստանի իշխանութիւնը միաժամանակ ճնշում բանեցուցին Արցախի վրայ, որպէսզի Ռուբէն Վարդանեանը հեռացուի պաշտօնէն:

Այս կացութիւնը անընդունելի է եւ մեծագոյն հարուած՝ Արցախի Հանրապետութեան ներքին անհրաժեշտ կուռ միասնականութեան:

Հակառակ իրողութիւններուն, հնարաւոր դարձած էր Արցախի մէջ դրական տեղաշարժեր արձանագրել՝ անաղարտ պահելով յոյսն ու պայքարի ոգին. վերջին ամիսներուն արցախահայութեան դրսեւորած տոկունութիւնն ու կամքը արժանացած էին համահայկական գնահատանքի:

Այդ յոյսը յաղթանակներու վերածելու գործին մէջ բոլորս ընելիք ունինք: Նպատակներու եւ անոնց հասնելու միջոցներու յստակ ձեւակերպման ամենօրեայ հետեւողական աշխատանքը, որքան ալ դժուար, անարդիւնք չի կրնար մնալ: Հակառակ ներքին ու արտաքին դաւադիր ծրագրերու, հայութեան արժանապատուութեան եւ լինելիութեան պայքարը պէտք է շարուակուի:

ՀՅԴ-ն կը հաւատայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ուժին եւ պիտի շարունակէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով նպաստել դիմադրութեան ու պայքարի գործին:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

28 Փետրուար 2023