Վրաստանի Մէջ Պահանջատիրական Երթ՝ Սումգայիթի Ջարդերուն 35-րդ Տարելիցին Առիթով
Փետրուար 26-ին, ժամը 10:45-ին, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած է պահանջատիրական երթ, որ աւարտած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր, հանդիսապետութեամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ, հոգեշնորհ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի, կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ Սումգայիթի անմեղ զոհերու յիշատակին։ Այս մասին կը յայտնէ Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութիւնը։
Սումգայիթի ջարդերու 35-րդ տարելիցին առիթով՝ Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի.
«Այս տարի կը լրանայ Սումգայիթի ջարդերուն 35-րդ տարելիցը։ 1988թ. Փետրուար 27-29, այն ժամանակ դեռ Խորհրդային ազրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենային սարսափելի դէպքեր: Երկաթեայ ձողերով զինուած ազրպէյճանիցներու ամբոխը, փայտերով, դանակներով, կացիններով կ՝իրականացնէր «շրջայց» Սումգայիթի մէջ՝ փնտռելու բնակարաններ, ուր կ՝ապրէին հայկական ընտանիքներ: ազրպէյճանցիները կ՝ըսէին, որ Սումգայիթի, Մարաղայի եւ Պաքուի ջարդերը սկսած էին այն պատճառով, որ Ղարաբաղի հայերը սկսած էին ազրպէյճանի կազմէն դուրս գալու շարժումը, որ բացարձակապէս սուտ էր, Արցախի հայութիւնը այդ ազատագրական շարժումը սկսաւ այն պատճառով, որ Նախիջեւանի եւ խորհրդային ազրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող հայկական պատմական տարածքներուն մէջ բնակող հազարաւոր հայերէն, մնացած էր միայն Արցախահայութիւնը։
Արցախի անկախութիւնը պահպանուեցաւ հայ ժողովուրդին հերոսական ոգիով, եւ տասնեակ տարիներու ընթացքին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնական պայքարով կը հասնէր յաջողութիւններու, սակայն խոչընդոտուեցաւ ներկայ իշխանութիւններուն ապաշնորհ քաղաքականութեան հետեւանքով՝ մատնելով Արցախի հայութիւնը բարդ վիճակի։
ազրպէյճանը, գրաւուած ալիեւի խմբակին կողմէ, կ՝ուզէ Արցախը հայաթափելով իրականացնել բանթուրքիզմի գաղափարը, որ պիտի անրադառնայ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Վրաստանի վրայ։
2020-ի պատերազմին իբրեւ արդիւնք կայ փաստ, թէ ինչպէս կը վերաբերին հայ գերիներուն եւ մշակոյթին, այդ ամէնը զարմանալի չէ, հաշուի առնելով, թէ ինչպէս ազրպէյճանի կառավարութիւնը զոհաբերեց իր ժողովուրդը Խոջալուի մէջ, յանուն իր հակահայկական քարոզչութեան եւ սուտի մէջ սերունդներու դաստիարակութեան։
Արդէն 3 ամիս է, որ Արցախը շրջափակման մէջ է եւ այսօր Արցախը ունի աշխարհին կարիքը»։



