Շրջափակման 78 Օրուան Ընթացքին Արցախի Մէջ Շուրջ 300 Երեխայ Ծնած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ ազրպէյճանի կողմէ շրջափակման ընթացքին Արցախի ծննդատուներուն մէջ ծնած է 300 երեխայ։

Այս մասին նշուած է Փետրուար 27-ին  Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հրապարակած տեղեկագրին մէջ, որ կը վերաբերի ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման 78-րդ օրուան:

Տեղեկագրին համաձայն՝ ազրպէյճանական կողմի ահաբեկչական վարքագիծին պատճառով նորածին երեխաներն ու անոնց մայրիկները ամէն օր կ՝առերեսուին լուրջ խնդիրներու հետ՝ կապուած մանկական սնունդի, տակդիրներու, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու պակասի հետ։

•  2 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ:

•  6 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, անոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

•  Արդէն 300 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ:

•  Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով՝ մօտ 730 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն։

•  Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած 127 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։

•  755 տնտեսվարող գործատէր (ընդհանուրի 17,7%-ը) շրջափակման պայմաններուն մէջ աշխատելու անհնարինութեան պատճառով կասեցուցած է իր գործունէութիւնը, իսկ մնացեալ տնտեսվարողները կը գործեն մասնակի ծաւալով կամ պետական աջակցութեամբ։

•  Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով նախնականօրէն առնուազն 5100 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը։

Աւելի քան 30,800 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ պիտի մակատարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ մատակարարուած է անոր միայն չնչին մասը: