Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն Հայկական Եկեղեցին Նոյնպէս Տուժած է Երկրաշարժէն
Մարաշի մէջ, Փետրուար 6-ին, տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժերուն հետեւանքով տուժած է նաեւ Մալաթիոյ մէջ կանգուն մնացած միակ հայկական եկեղեցին՝ Սուրբ Երրորդութիւնը, որ յայտնի է նաեւ Երեք Խորան կամ Թաշխորան անուններով։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։
Աղբիւրին համաձայն՝ Մալաթիա նահանգի Եէշիլիւրթ գաւառի Չաւուշօղլու թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կառուցուած է 1893 թ․, այստեղ բնակուած հայերուն եւ ասորիներուն կողմէ։ Հայկական համայնքին որոշ ժամանակ ծառայած եկեղեցին՝ 1900-ական թուականներէն սկսեալ այլեւս չէ օգտագործուած։ Եկեղեցւոյ գմբէթը փլած է 1970-ական թուականներուն։
2013 թ․ սկսեալ Մալաթիոյ հայկական համայնքին եւ տեղի քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններուն ջանքերով՝ եկեղեցին սկսած են վերականգնել։ Վերանորոգումը աւարտած է 2021 թ․, եւ եկեղեցին վերաբացուած է արարողութիւններուն համար։
Մարաշի մէջ այս տարուան Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժերէն ետք՝ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ գոյացած են ճաքեր։ Պատկան մարմինները եկեղեցւոյ շուրջ ժապաւէն կապած են՝ արգիլելով մարդոց մուտքը եկեղեցի։
Յիշեցնենք, որ Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ 2021 թ․ Օգոստոսին, 100-ամեայ դադարէ ետք, մատուցուած է առաջին պատարագը, որուն մասնակցած էր նաեւ Կ․Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանը։ Եկեղեցին, սակայն, վերաբացուած էր իբրեւ մշակոյթի կեդրոն։ Այնուամենայնիւ, հայկական համայնքին արտօնուած էր այնտեղ մկրտութեան ու պսակադրութեան արարողութիւններ իրականացնելը։ Բայց եւ այնպէս թրքական իշխանութիւնները եկեղեցւոյ ցուցապաստառին վրայ նշած էին եկեղեցւոյ՝ միայն «մշակոյթի կեդրոն» ըլլալու հանգամանքը։
Թրքերէնէ թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեանը
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
