«Այնճար»-ը՝ Այնճարի Կողքին

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Երեւանի Կոմիտաս 8 հասցէին վրայ գտնուող «Այնճար արաբական քաղցրաւենիք» հաստատութենէն ներս, 26 Փետրուարին, իրականացաւ երաժշտական երեկոյ մը՝ մասնակցութեամբ երգչուհի-կիթառահար Քրիստինա Սահակեանի։

Երեկոն, որ կազմակերպուած էր հաստատութեան տնօրէնութեան ջանքերով, նպատակ ունէր փոքրիկ ներդրումով մը մասնակից դառնալու Մուսա Լեռ-Այնճարի արեւային վահանակներու ծրագրին։

Հայաստանաբնակ այնճարցիներու եւ ընդհանրապէս մուսալեռցիներու կողքին երեկոյին կը մասնակցէին նաեւ Այնճարը սիրող բարեկամներ։

Մասնակիցներուն հրամցուած ջերմ ու հաճելի երաշժտական մթնոլորտը աւելի եւս քաղցրացուց «Այնճար արաբական քաղցրաւենիք»-ի համեղ հիւրասիրութիւնը, իսկ ներկաներուն տրամադրութիւնը առաւել բարձրացաւ փոքրիկն Նայիրի Մանիսաճեանի շուիի կատարումներէն, Անիա Պետրոսեանի եւ Ռուլա Ապու Պաքըրի գեղեցիկ երգերէն։

Այսպէս, երեկոյէն գոյացած 2663 ամերիկեան տոլար գումարով՝ «Այնճար»-ը իր փոքրիկ ներդրումը ունեցաւ Մուսա Լեռ-Այնճարի արեւային վահանակներու ծրագրին։

Լուսանկարները՝ Աւետիս Գրիգորեանի