Ռուբէն Վարդանեանը Ոեւէ Մէկուն Պաշտպանութեան Կարիքը Չունի, Արցախը Ունի Վարդանեանի Նման Մարդոց Աջակցութեան ու Պաշտպանութեան Կարիքը
Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան անդրադարձած է Ա. Յարութիւնեանի կողմէ Ռուբէն Վարդանեանը պետական նախարարի պաշտօնէն զրկելու որոշման․
«Ռուբէն Վարդանեանը ոեւէ մէկուն պաշտպանութեան կարիքը չունի, Արցախը ունի Ռուբէն Վարդանեանի նման մարդոց աջակցութեան ու պաշտպանութեան կարիքը։
Միշտ ալ կարելի է պահանջուող բառեր գտնել (երբեմն նոյնիսկ սրտաճմլիկ) ՝ արդարացնելու այն քայլերը, որոնք շատերուն համար այդպէս ալ կը մնան անհասկնալի: Մեր օրերուն այդքան ալ դժուար չէ այդ ամէնը շարել. ելոյթ գրողներու (speech writer) պակաս չկայ, եթէ անոր ալ աւելցնենք, որ ելոյթներ գրողներն ալ սեփական մտքերը կը կցեն նիւթին (մուռը հանելու մտայնութեամբ)՝ ամէն ինչ կ՝ըլլայ լալու չափ տխուր, բայց նաեւ՝ ծանօթ: Ռուբէն Վարդանեանը ոեւէ մէկուն պաշտպանութեան կարիքը չունի, Արցախը ունի Ռուբէն Վարդանեանի նման մարդոց աջակցութեան ու պաշտպանութեան կարիքը:
Ոչ ոք կը վիճարկէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնը՝ պետական նախարար նշանակելու կամ պաշտօնազրկելու մասով, բայց ի պաշտօնէ մէկը չկա՞ր՝ յուշեր կողքէն, որ կարելի էր 1-2 օր յետաձգել պարտադրուած որոշումը՝ ազերիները ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի որոշումէն ետք անյարմար վիճակի մէջ ձգելու համար:
Երկար գրելու կարիք չկայ, կ՝ուզեմ բոլորիս խորհուրդ տալ՝ լաւ յիշելու 2023թ. Փետրուար 23-ի դէպքերը, ստորագրուած հրամանագիրը եւ այդ առթիւ հնչեցուած ուղերձը (դժուար պիտի ըլլայ այդքանը յիշել, սակայն ուղերձի՝ Արցախի ապագային վերաբերող հատուածը յիշելը պարտադիր է): Յայտնի անեկդոտ մը յիշեցի. երբ ծովի մէջ խեղդուող մէկուն Աստուած երկու անգամ օգնութեան ձեռք կ՝երկարէ, բայց այս մարդը չի հասկնար ուղարկուած նշանները եւ կը շարունակէ սպասել, որ նոյնինքն Աստուած զինք հանէ այդ անելանելի վիճակէն… Յոյս ունիմ, մեզի ուղարկուած նշանը վերջինը չէ: Հասկցողը՝ պիտի հասկնայ»:
Յիշեցնենք, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման համաձայն՝ ազրպէյճանը պարտաւոր է ձեռնարկելու իրմով պայմանաւորուած միջոցները Բերձորի (Լաչին) միջանցքով մարդոց ու բեռներու անխափան շարժը երկու ուղղութեամբ ապահովելու համար։ Որոշումը հրապարակուած է երկու օր առաջ, Բերձորի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ։
