ՋԱՀ-ի Կազմակերպութեամբ` «Արցախի Կոթողները» Շրջուն Ցուցահանդէսը Լիբանանի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 20 Փետրուարին, ընթացք առաւ «Արցախի կոթողները» խորագիրով շրջուն ցուցահանդէսը, որ պիտի այցելէ Լիբանանի տարբեր հայկական վարժարաններ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԶԴԱԿ»-էն։

Ցուցահանդէսին նպատակն է հայ աշակերտութեան ներկայացնել Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող յուշարձանները, եկեղեցիները, կառոյցները: Նկարները կը պատկանին հանրածանօթ մտաւորական եւ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանին:

Նոյն օրը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ վերոնշեալ ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Արցախի ներկայ շրջափակումին մասին զեկուցում, որ ներկայացուց «Ազդակ» օրաթերթի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան, ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ «Artsakh Monuments» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Հայրապետեան անդրադարձաւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան: Տարբեր դասարաններու աշակերտներ առիթ ունեցան ծանօթանալու Արցախի բռնագրաւուած հարուստ ժառանգութեան: