Բերձորի Միջանցքին Փակումը Մարդկայնական Ճգնաժամ Կ՝առաջացնէ. Human Rights Watch

Աշխարհ, Հայաստան

Բերձորի միջանցքին փակումը խաթարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հազարաւոր հայերու համար առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը եւ յառաջացուցած է մարդկայնական ճգնաժամ: Այս մասին գրած է Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժնի փոխտնօրէն Կիորկի Կոկիան:

Ան նշած է, որ թէեւ ռուս խաղաղապահներն ու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի բեռնատարները կրնան անցնիլ Բերձորի միջանցքով՝ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ հասցնելու կամ ծանր հիւանդները Հայաստան տեղափոխելու համար, Արցախի բնակչութեան շատ կարիքներ կը մնան չբաւարարուած:

«ազրպէյճանի իշխանութիւնները եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերը պէտք է ապահովեն, որ բողոքի ցոյցերը Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները չզրկեն իրենց իրաւունքներէ, ներառեալ` առողջութեան, առաջին անհրաժեշտութեան ծառայութիւններու եւ ապրանքներու հասանելիութեան, ինչպէս նաեւ ազատ տեղաշարժելու իրաւունքները»,- գրած է Կոկիան: