Արցախի Նախագահը Հրապարակած է Ռուբէն Վարդանեանը Պետական Նախարարի Պաշտօնէն Զրկելու Մասին Հրամանագիրը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ, Փետրուար 23-ին, տեղի ունեցած է կառավարութեան նիստ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։
Երկրի ղեկավարը ներկայացուցած է ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերը՝ ծագող խնդիրները լուծելուն ուղղութեամբ:
Նախագահ Յարութիւնեան հրապարակած է նաեւ Ռուբէն Վարդանեանը պետական նախարարի պաշտօնէն ազատելու մասին հրամանագիրը։ Ան բարձր գնահատած է Վարդանեանի ջանքերը թէ՛ Արցախի մասին միջազգային իրազեկուածութեան բարձրացման եւ թէ՛ շրջափակման ընթացքին ներքին բազմաթիւ հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ պետական նախարարի պարտականութիւնները առաջարկած է ստանձնել Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանին՝ հաշուի առնելով անոր մասնագիտական ու մարդկային որակները, աշխատանքի մէջ ցուցաբերած մասնագիտութիւնը, արդարամտութիւնը, սկզբունքայնութիւնն ու պետականամետութիւնը:
Նախագահը տեղեկացուցած է, որ նոր պետական նախարարի համակարգման ոլորտէն ներս պիտի ըլլան բոլոր գործադիր մարմինները՝ բացառութեամբ ուժային մարմիններուն եւ արտաքին գործերու նախարարութեան:
Կառավարութեան նիստին ժամանակ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկած է ուղերձով, որ ամբողջութեամբ կրնաք լսել հետեւեալ յղումով՝ http://president.nkr.am/am/news/consultations/5726/
