ազրպէյճանցի Ջղագրգիռ Պատուիրակին Ելոյթն ու ՀՀ ՔՊ-ական Պատուիրակներուն Անտարբերութիւնը՝ ԵԱՀԿ ԽՎ Նստաշրջանին
Վիեննայի մէջ այսօր սկսած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանը։
168.am-ի տեղեկութիւններով՝ Ժողովրդավարութեան եւ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նիստին ազրպէյճանական պատուիրակ տխրահռչակ թուրալ կեանճալիեւը երկու անգամ խօսքի իրաւունք վերցնելով՝ ջղագրգիռ, հակահայկական շեշտադրումներով, ունեցած է կեղծ, ձեռնավարական ելոյթներ, որոնց հայկական պատուիրակութեան կազմէն եղած է ընդամէնը մէկ հակադարձում. իրավիճակին արձագանգած է Ազգային ժողովի (ԱԺ) «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը։
Մինչդեռ, ազրպէյճանցի ջղագրգիռ պատուիրակի հակահայկական ելոյթին ժամանակ դահլիճին մէջ եղած է ՔՊ-ական Արթուր Յովհաննիսեանը, որ ականջները կախ լսած է՝ ինչպէս ազրպէյճանցի պատուիրակը լուտանքներ կը թափէ բոլորիս ու Հայաստանի հասցէին։
Ըստ էութեան այս իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները Արցախը կը յանձնեն բոլոր մակարդակներով։
Ի դէպ, հայկական պատուիրակութեան կազմէն Արթուր Յովհաննիսեանը միակ ՔՊ-ականը չէ եղած։ Անոր հետ են նաեւ Մարիա Կարապետեանն ու Սարգիս Խանդանեանը։ Եւ այն պարագային, երբ ազրպէյճանական պատուիրակը մէկ նիստի ընթացքին երկու անգամ խօսք կ՝առնէ, հայկական պատուիրակութեան կառավարող խմբակցութեան անդամները համարժէք հակադարձում չեն ըներ։
