Տարածաշրջանը Ապակայունացնող՝ ազրպէյճանի Ծաւալապաշտական Քաղաքականութիւնը Հնարաւոր է Կանխել Միջազգային Հանրութեան Յստակ Դիրքորոշումով. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Փետրուար 21-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւորներ, ԵԽ-ի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Սիլվի Կիյոմիի եւ Ֆրանսուա Ալֆոնսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր գնահատանքը բերաւ խորհրդարանականներուն արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործին ներդրած ջանքերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց ՀՅԴ Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակին՝ եւրոպական տարբեր կառոյցներու մէջ արցախահայութեան խնդիրներու հետեւողական բարձրաձայնման եւ ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքի պաշտպանութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը՝ հիւրերուն ներկայացնելով տարածաշրջանին մէջ տիրող փխրուն իրավիճակը եւ մանաւանդ Բերձորի (Լաչին) միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամը՝ անդրադարձաւ այս առնչութեամբ միջազգային հանրութենէն հայ ժողովուրդի ակնկալութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը նկատեց, որ տարածաշրջանը ապակայունացնող՝ ազրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը հնարաւոր է կանխել բարեկամ երկիրներու զօրակցութեամբ եւ միջազգային հանրութեան յստակ դիրքորոշումով։

Զրոյցին ընթացքին՝ ԵԽ պատգամաւորները, դատապարտելով ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները պատերազմի եւ յետպատերազմեան շրջանին, Նորին Սրբութիւնը վստահեցուցին, որ պիտի շարունակեն եւրոպական կառոյցներու մէջ իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերել Հայաստանին եւ արցախահայութեան։