ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Կը Պարտաւորեցնէ ազրպէյճանը Չխոչընդոտելու Բերձորի Միջանցքով Երթեւեկութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան կը գրէ․

Ողջունելի է, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը քիչ առաջ բաւարարեց Հայաստանի պահանջը եւ պարտաւորեցուց ազրպէյճանը չխոչընդոտելու «Լաչինի միջանցք»-ով բեռներու, մարդոց եւ փոխադրամիջոցներու ազատ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով:

Հպարտ եմ, որ նաեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փաստահաւաք առաքելութեան արդիւնքներն ու զեկոյցները հիմք դարձած են ՀՀ կառավարութեան այդ հայցին եւ այս որոշման համար:

Ողջունելի ու շատ կարեւոր է նաեւ, որ դատարանը ամբողջութեամբ ու միաձայն մերժեց ազրպէյճանի պահանջը Հայաստանի դէմ՝ ականներու կեղծ թեմայով:

Տարօրինակ ու ցաւալի է, սակայն, որ դատարանը չբաւարարեց Հայաստանի այլ պահանջ մը՝ կազամատակարարման ու ելեկտրամատակարարման վերականգնման վերաբերեալ՝ ապացուցուած չհամարելով, որ խափանումները տեղի կ՝ունենան ազրպէյճանի կողմէ: Այնինչ, մենք չենք կրնար համապարփակ ապացոյցներ ներկայացնել ատոր վերաբերեալ, քանի որ ընդհանրապէս մուտք չունինք ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ, ներառեալ՝ մեր կենսական ենթակառուցուածքներու վնասման վայրեր:

Ամէն պարագայի շատ կարեւոր կը համարեմ առաջին երկու որոշումները եւ պիտի ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի խումբին՝ Եղիշէ Կիրակոսեանի գլխաւորութեամբ, իրաւաբանական խումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունին այս նշանակալի յաջողութեան մէջ:

Պայքարը կը շարունակուի, եւ մենք պէտք է կարենանք միջազգային հանրութեան պատշաճօրէն ու հետեւողականօրեն ներկայացնել ազրպէյճանական յանցագործութիւնները Արցախի ժողովուրդին դէմ: