12 Հազարամեայ Պորտասարի Հնագիտական Յուշարձանը Երկրաշարժերէն Բացարձակապէս Չէ Տուժած
Աշխարհի հնագոյն հնագիտական յուշարձան համարուող 12 հազարամեայ Պորտասարը (թրք․ անուանումը՝ Գէոբէքլիթէփէ), որ ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ, չէ վնասուած վերջերս Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժերէն։ Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները։
Աղբիւրին համաձայն՝ վերջերս Թուրքիոյ մէջ գրանցուած ուժգին երկրաշարժերէն ետք, մասնագէտները յատուկ ուսումնասիրութեան ենթարկած են Պորտասարը եւ հաւաստիացած, որ այս հնամենի յուշարձանը որեւէ կերպով չէ տուժած բնութեան այս արհաւիրքներէն։

Ուրֆայի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան տնօրէն Այտըն Ասլանը թրքական «Իհլաս» լրատուական գործակալութեան մասնաւորապէս ըսած է․ «Գէոբէքլիթէփէն ոչ մէկ վնաս կրած է այս երկրաշարժերէն։ Ինչպէս յայտնի է, Գէոբէքլիթէփէն 2018 թ․ ներառուած էր UNESCO-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան մնայուն ցանկին մէջ, իսկ մեր հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 2019 թուականը հռչակած էր Գէոբէքլիթէփէի տարի։ Անկէ ետք դէպի այս յուշարձան եղած էր այցելուներու մեծ հոսք։ Երկրաշարժերէն անմիջապէս ետք իջանք Գէոբէքլիթէփէի տարածք եւ ուսումնասիրեցինք՝ արդեօք կառոյցը վնասուած է, թէ՝ ոչ։ Լիովին հանգիստ կրնամ արձանագրել, որ Գէոբէքլիթէփէի վիճակին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն եղած է երկրաշարժերուն հետեւանքով»։

Յիշեցնենք, որ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, այժմեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքէն ներս գտնուող Պորտասարի հնավայրը ունի շուրջ 12 հազարամեայ պատմութիւն։ Այստեղ յայտնաբերուած են 12 հազար տարի առաջ կառուցուած սրբավայր մը եւ աշխարհի ամենահին պատկերագրերը։ Նէոլիթեան դարաշրջանին պատկանող Պորտասարի տաճարներուն խումբը կը գտնուի այժմեան Օրէնճիք գիւղին մօտակայքը: Մօտաւորապէս 300 մ տարածքի վրայ կառուցուած այս սրբատեղին ունի 15 մ բարձրութեամբ պատեր: Պորտասարը մինչ այժմ յայտնի առաջին սրբավայրն է աշխարհի վրայ: Տուեալ տարածքին մէջ մինչ օրս հնագէտներուն կողմէ պեղուած են 6 տաճարներ: Մասնագէտները, սակայն, կ՝ենթադրեն, որ Պորտասարի տաճարներուն թիւը շուրջ 20 է: Այստեղ կատարուած հնագիտական պեղումներուն իբրեւ արդիւնք նաեւ յայտնագործուած է, որ ցորենի նախատիպը եւս առաջին անգամ աճած է Պորտասարի ստորոտը: Պորտասարի պեղումներուն մասնակցած հնագէտները նաեւ կը նշեն, որ թէեւ մինչ այժմ չէ պարզուած, թէ ինչ բնոյթի կրօնական արարողութիւններ կատարուած են այստեղ, այնուամենայնիւ, անոնք եղած են որեւէ հեղուկի (արիւն, ջուր, ալքոհոլ եւ այլն) միջոցով: Պորտասարի սրբավայրին յայտնագործումը նաեւ կը հերքէ մինչ այժմ յայտնի պատմագիտական այն դրոյթը, թէ քոչուոր համայնքները նստակեաց կեանքի անցած են գիւղատնտեսական աշխատանքներ մշակելէ ետք միայն:
Թրքերէնէ թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեանը
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
