Վաքըֆ Գիւղը Երէկուան Երկրաշարժէն Մեծ Վնասներ Կրած է

Աշխարհ, Էրկիր

Երէկ տեղի ունեցած երկրաշարժերէն մեծապէս տուժած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող «հայկական միակ գիւղը» համարուող Վաքըֆը։ Երկրաշարժերուն հետեւանքով քանդուած են որոշ կառոյցներու պատեր։ Գիւղին մէջ յառաջացած է վրաններու կարիք։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, յայտնած է պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթը։

Աղբիւրին համաձայն՝ երէկ պատահած երկրաշարժերուն պատճառով որոշ շէնքեր յայտնուած են անշահագործելի վիճակի մէջ։

Փետրուար 20-ին, ժամը 20։04-ին տեղի ունեցած 6,4 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը այս անգամ էական վնասներ հասցուցած է հայկական Վաքըֆ գիւղին։ Պատրիարքարանի պարզաբանման համաձայն՝ մեծապէս տուժած է գիւղի եկեղեցին։

Յիշեցնենք, որ Վաքըֆը այն համեմատաբար քիչ բնակավայրերու շարքին էր, որոնք չէին տուժած Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժերէն։ Սակայն, այս անգամ բնութեան արհաւիրքը չէ շրջանցած նաեւ հայկական այս բնակավայրը։

Վաքըֆի գիւղապետ Պերճ Քարթունը թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ երեկուան երկրաշարժերէն ետք փակուած է եկեղեցին։ Ան նաեւ ըսած է,- «Վերջին երկրաշարժէն եկեղեցին գրեթէ քանդուած է։ Ներկայ պահուն անիկա անշահագործելի վիճակի մէջ է։ Արտաքին պատերը աւիրուած են։ Ներսը եւս բաւական մեծ վնաս կայ։ Անհնար է եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցել կամ եկեղեցի մտնել»։

Քարթունը «Անատոլու»-ի թղթակիցին նաեւ ըսած է, որ նման վիճակի մէջ կը գտնուին նաեւ Վաքըֆի տուները, որոնցմէ որեւէ մէկը ուղղակի անհնար է մտնել։ Ըստ Քարթունի՝ բոլոր տուներուն վրայ ճաքեր յայտնուած են։ «Այլեւս դատապարտուած ենք վրաններու մէջ ապրելու։ Բայց եւ այնպէս, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ գոնէ ոչ մէկ զոհ ունինք։ Կը մխիթարուինք ատով»։

Այստեղի հայ համայնքի նախկին ղեկավարներէն Կարպիս Քուշը «Անատոլու»-ի թղթակիցին ըսած է,- «Մեր վիճակը վատ է, սակայն այստեղ ամէն տեղ է այդ դրութիւնը։ Չենք կրնար մեր տուները եւ աշխատավայրերը մտնել։ Ոչ մէկ զոհ ունինք, ուրախ ենք ատոր համար, բայց ամէն տեղ վատ վիճակ է։ Կը ցաւակցիմ բոլոր զոհերու հարազատներուն»։


Թրգերէնէ թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեանը

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Վերջին երեք լուսանկարները՝ Mousaleranjar-ի Facebook-ի էջէն