Նոր Երկրաշարժին Հետեւանքով Հալէպի Մէջ Վեց Մարդ Տուժած է. ԶԼՄ
6,4 եւ 5,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժ տեղի ունեցած է այսօր երեկոյեան Սուրիոյ սահմանակից Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ։
Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին տեղի ունեցած նոր երկրաշարժին հետեւանքով՝ Հալէպի մէջ տուժած է վեց մարդ։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, կը յայտնէ SANA լրատուական գործակալութիւնը։
«Երկրաշարժի պահուն շէնքերէն ինկած քարերուն հետեւանքով տուժած է վեց մարդ եւ տեղափոխուած հիւանդանոց»,- նշած է աղբիւրը։
Թրքական հեռուստաալիքներուն փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նոր ցնցումներուն պատճառով կան աւերածութիւններ։ Երկրաշարժը զգացած են նաեւ Սուրիոյ շարք մը շրջաններու բնակիչներ։
