Համազգային Խնդիրներու Լուծման Կարեւորագոյն Պայմանը Համաժողովրդական Միասնութիւնն է․ Արցախի ԱԳՆ

Հայաստան

Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ ղարաբաղեան շարժման 35-ամեակին առիթով, Արցախի ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած է․

«Արցախի Հանրապետութիւնը (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը) այսօր կը նշէ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ ղարաբաղեան շարժման արդի փուլի 35-ամեակը. պայքար, որ իր մէջ մարմնաւորած է ժողովուրդի հաւաքական ձգտումը՝ վերականգնելու պատմական արդարութիւնը, պահպանելու ազգային ինքնութիւնն ու արժանապատւութիւնը, լիարժէք կերպով իրացնելու հայրենիքի մէջ ազատ ապրելու եւ զարգանալու իր անքակտելի իրաւունքը: Ի պատասխան ազրպէյճանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ վարուող խտրական քաղաքականութեան՝ Արցախի ժողովուրդը հաւաքեց իր ողջ կամքն ու միաւորուեցաւ՝ յանուն Արցախի վերածնունդի եւ Հայաստանի հետ վերամիաւորման գաղափարի:

35 տարի առաջ՝ 1988 թուականի Փետրուար 20-ին, տեղի ունեցաւ ԼՂԻՄ Ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանը, ուր որոշում կայացուեցաւ միջնորդութիւն ներկայացնելու ազրպէյճանական ԽՍՀ եւ Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդներուն՝ ինքնավար մարզը ազրպէյճանի կազմէն Հայաստանի կազմ տեղափոխելուն վերաբերեալ։ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Հայաստանին միանալու հարցը բարձրացուած է ժողովրդավարական, խորհրդարանական եղանակով, ժողովուրդի կամարտայայտման հիման վրայ, ԽՍՀՄ այն ժամանակ գործող օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւունքի համընդհանուր ճանաչուած չափանիշներուն հետ խիստ համապատասխանութեամբ:

Նստաշրջանին որոշումը, որ վերահաստատեց Արցախի ժողովուրդի՝ սեփական ճակատագիրը որոշելու իրաւունքը, նշանաւորեց ղարաբաղեան շարժման արդի փուլը եւ կանխորոշեց Լեռնային Ղարաբաղի հասարակական-քաղաքական զարգացման հեռանկարները։ Անիկա, ըստ էութեան, դարձաւ ԽՍՀՄ փլուզմամբ պայմանաւորուած պատմաքաղաքական նոր իրողութիւններու մէջ 1991 թ. Սեպտեմբեր 2-ին ընդունուած ԼՂՀ անկախութեան հռչակագրի նախակարապետը եւ սկզբնաւորեց Արցախի պետական անկախութեան ուղին:

Արցախցիներու համաժողովրդական կամարտայայտութեան այդ ակտը արդարացիօրէն դիտարկուեցաւ իբրեւ յուսալի երաշխիք՝ փրկուելու ազրպէյճանի կողմէ ցեղական հայ բնակչութեան հանդէպ տասնամեակներ շարունակ իրականացուող խտրական քաղաքականութենէն, որ, ի վերջոյ, պէտք է յանգեցներ անոր լիակատար ոչնչացման։

Յետագայ իրադարձութիւնները հաստատեցին արցախցիներու պատմական ընտրութեան օրինաչափութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը։ Մարզային խորհուրդի նստաշրջանէն ընդամէնը մէկ շաբաթ անց ազրպէյճանի իշխանութիւնները կազմակերպեցին հայերու դաժան ջարդեր եւ սպանութիւններ Սումգայիթի եւ ազրպէյճանի այլ քաղաքներու մէջ, իսկ ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք լայնածաւալ պատերազմ սանձազերծեցին Արցախի դէմ:

Նոյնիսկ տասնամեակներ անց՝ Արցախի ժողովուրդի ոչնչացման ուղղուած պաշտօնական պաքուի յանցաւոր քաղաքականութիւնը չէ փոխուած։ Անոր մասին կը վկայեն 2016 եւ 2020 թուականներու ռազմական յարձակումները, Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող պետական ահաբեկչութիւնը, հանրապետութեան՝ արդէն գրեթէ երեք ամիս շարունակուող փոխադրամիջոցային եւ ուժանիւթի շրջափակումը:

Հակառակ անհաւանական դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն՝ Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ իր պայքարը յանուն պատմական հայրենիքի մէջ իր ազատ եւ անկախ գոյութեան՝ այդպիսով իրացնելով միջազգային իրաւունքով, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած ժողովուրդներու ինքնորշման իրաւունքը։

Անցած 35 տարիները յստակ ցոյց տուին, որ համազգային խնդիրներու լուծման կարեւորագոյն պայմանը համաժողովրդական միասնութիւնն է, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բարոյական ու հոգեւոր ուժերու համախմբումը, որ հնարաւորութիւն կու տայ դիմակայելու ժամանակի լրջագոյն մարտահրաւէրներուն:

Ազգային արժանապատւութեան եւ պատմական հայրենիքի մէջ սեփական ճակատագիրը ազատ տնօրինելու իրաւունքին համար մղուող բազմամեայ պայքարով, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական եւ կենսունակ պետութեան ստեղծմամբ Արցախի ժողովուրդը ապացուցեց, որ արժանի է միջազգային հանրութեան կողմէ իր անկախութեան ճանաչման:

Այս յիշարժան օրը մենք կը խոնարհինք բոլոր անոնց յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին յանուն Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան, յանուն համամարդկային իտէալներու եւ արժէքներու»։