Անիի Կամուրջին Նորոգութիւնը Հայ-թրքական Այսօրուան Երկխօսութեան Հետ Կապ Չունի․ Անիկա Շատոնց Ծրագրուած էր․ Գեղամ Մանուկեան
Կ՝ուզեմ հրապարակել քանի մը փաստ՝ բացայայտելու համար հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին մէջ հասարակութիւնը կեղծ տեղեկութիւններով կերակրելու իշխանութեան գործողութիւնները։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, այսօր Ազգային Ժողովէն ներս յայտարարեց ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։
«3 օր շարունակ Արարատ Միրզոյեանի Անգարա այցելութենէն ետք տարածուած է տեղեկութիւն, որ համաձայնութիւն եղած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Անիի կամուրջի վերանորոգման շուրջ։ Այդ մասին ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, բառացի ըսելով՝ «խօսած ենք այն մասին, թէ ինչ քայլեր կարելի է ընել կարգաւորման գործընթացին մէջ, անոնցմէ մէկը Մետաքսի ճանապարհի կամուրջի վերանորոգումն է։ Մենք կը շարունակենք նախապատրաստութիւնները ապագայի հետ կապուած, այսօր համաձայնած ենք աւելի արագ ընել այդ քայլերը»։ Արարատ Միրզոյեանի ներկայութեամբ Չաւուշօղլուն կը նշէ Մետաքսի ճանապարհի կամուրջը, մինչ ատիկա ե՛ւ հնագիտութեան մէջ, ե՛ւ պատմագիտութեան մէջ ընդունուած է իբրեւ Անիի պատմական կամուրջ։ Առաւօտէն-երեկոյ կը խօսին տեսէք ինչ մեծ յաջողութիւն է կարգաւորման համար։ 2023 թ․-ի Փետրուարին կը յայտարարեն, որ Անիի պատմական կամուրջը պէտք է համատեղ վերանորոգեն։ Դեռ 2017թ․-ին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախագահ Լուման Քուրթուրմուշը եւ ծովագնացութեան կապի փոխադրամիջոցի նախարարը եղած են Կարսի մէջ, այցելած են Անիի պատմական յուշարձաններն ու կամուրջը, խօսած են կամուրջի ապագային մասին։ Անոր մասին ժամանակին խօսած է նաեւ Թուրքիոյ բնապահպանութեան նախարարը, որ Մետաքսի ճանապարհը շատ կարեւոր է եւ պատմական յուշարձանները պէտք է վերանորոգուին»,- ըսաւ Մանուկեան։
Պատգամաւորին խօսքով՝ 2019թ․-ի Յունիս 23-ին Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախկին նախարարը, որ Կարսէն ընտրուած պատգամաւոր էր, յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ երկաթուղիները, որ կը կոչուին Կարսի 18-րդ երկաթուղի, մրցոյթ յայտարարած է Անիի կամուրջի վերանորոգման համար․
«Ատոր մասին բազմաթիւ այլ աղբիւրներով 2019թ-ին Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս յայտարարուած է եւ պաշտօնական գործողութիւններ սկսած են Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգման համար։ Չկար դեռ հայ-թրքական կարգաւորման որեւէ գործընթաց, չկար 44-օրեայ պատերազմ, որուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Թուրքիան։ Այս ամէնուն հետ Անիի կամուրջի վերանորոգման աշխատանքները ամենեւին կապ չունին։ Կարսեցի պատգամաւորը կը խօսի նաեւ, որ նախագիծեր պատրաստած են եւ այս նախագիծերով պիտի խօսին նաեւ հայկական կողմին հետ։ Այս երկու օրը համացանցի վրայ կը տարածուին էսքիզներ Կարսի հետ կապուած, բայց յայտնեմ, որ 2019թ-էն այդ էսքիզները թրքական պաշտօնական մամուլով հրապարակուած են։ 2020թ․ Յունիս 25-ին հայկական մամուլի մէջ եղած են բազմաթիւ հրապարակումներ, որոնց սկզբնաղբիւրը եղածլ է Էրմենի կայքը, որ Անիի պատմական կամուրջը կը վերանորոգուի։ Ասիկա հերթական անգամ կը վկայէ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու «կարգաւորումը» լոկ գեղեցիկ մանրամասնութիւններու հաւաքածու է, որ կը հրամցնեն մեր ժողովուրդին, իբր տեղի կ՝ունենան լուրջ գործընթացներ»,- ըսաւ պատգամաւորը։
