ազրպէյճանական Զօրամասերուն Մէջ Տեղադրուած Տարածաշրջանային Քարտէզները Կ՝ուրուագծեն ազրպէյճանական Տարածքային Յաւակնութիւնները․ Աբրահամեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան կը գրէ.

«ազրպէյճանական զօրամասերուն մէջ դրուած են տարածաշրջանային քարտէզներ, ուր գունային տարանջատումներով ուրուագծուած են ազրպէյճանական տարածքային յաւակնութիւնները:

Ասոնք ազրպէյճանի` «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի վերաբերեալ պատկերացումներն են, որովհետեւ ազրպէյճանի ու թուրքիոյ համար տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը նոյնացուի Հայաստանի անկման ու վախճանին հետ»: