Ազգային Կեանքի Մէջ Յառնած Խնդիրները Ազգն ու Հայրենիքը Կանգնեցուցած են Անվտանգային, Գոյաբանական Լուրջ Խնդիրներու Առջեւ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Փետրուար 17-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից հաւաք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի տարբեր թեմերէ 231 եկեղեցականներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ Մայր Աթոռի միաբաններ։
Այս առիթով՝ Արմաւիրի թեմի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (ք․ Էջմիածին), Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Իր օրհնութիւնը բերելով հոգեւորականաց դասին եւ շնորհաւորելով վերջիններս Սրբոց Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց տօներուն առիթով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նշեց,- «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուող ամենամեայ այս հաւաքները առիթ են դարերու խորքէն մեզի փոխանցուած պատգամներու վերարծարծման եւ տիրաւանդ մեր առաքելութեան մէջ Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց ոգով ու հայրենասիրութեամբ զօրանալու համար։
«Ազգային մեր ինքնութեան, մեր հաւատի ու հոգեւոր արժէքներու պահպանութեան, մեր պետականութեան, Արցախի մեր քոյրերու եւ եղբայրներու ազատ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան պայքարը մեր ժողովուրդին համար դարձած է չընդհատուող, չաւարտուող իրականութիւն։ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ մտահոգիչ զարգացումները, ազգային եւ հայրենական կեանքին մէջ յառնած խնդիրները, արտաքին մարտահրաւէրները այսօր ալ ազգն ու հայրենիքը կանգնեցուցած են անվտանգային, գոյաբանական լուրջ խնդիրներու առջեւ, ինչպէս Սրբոց Վարդանանց ժամանակներուն»,– արձանագրեց Վեհափառ Հայրապետը՝ նկատելով, որ ստեղծուած դժուարին իրավիճակը հայ ժողովուրդը կրնայ յաղթահարել իր հաւատքի զօրութեամբ, ամուր կամքով, միասնական ջանքերով եւ մշտապէս առ Աստուած ապաւինութեամբ։
Հայոց Հովուապետը, կարեւոր համարելով առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ հոգեւոր դասի տէրունապատուէր առաքելութեան մէջ ջանքերու ու ծառայութեան առաւել արդիւնաւորումը, յատկապէս կրթական-քարոզչական ոլորտէն ներս, ընդգծեց,- «Մեծապէս կարեւոր է մարդոց սրտերուն մէջ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու սերմանումը, ազգային ոգիի եւ հայրենասիրութեան զօրացումը, քանզի բոլորս մտահոգող արատաւոր երեւոյթներ եւ շատ հարցեր յատկապէս հետեւանք են արժէքային դաշտիմէջ արձանագրուած նահանջի, աւանդական ընկալումներու տկարացման։ Կրթական տարբեր ծրագրերով, նաեւ արդի ճարտարագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւններով պէտք է զօրացնենք քարոզչութիւնը՝ ամրապնդելու հաւատքը, յոյսը եւ սէրը մեր ժողովուրդի՝ Աստուածաշունչի ուսուցմամբ եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջական ճանաչողութեամբ»։
44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին մէջ՝ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց հովուական խնամքը հոգեւոր եւ հոգեբանական զօրակցութեան կարիքն ունեցող առանձին խումբերու նկատմամբ։
«Մասնաւոր ուշադրութիւն հարկ է դարձնել զոհուածներու, վիրաւորներու, գերեվարուածներու եւ անհայտ կորածներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ տեղահանուած կամ Լաչինի փակ միջանցքի պայմաններուն մէջ բաժնուած արցախցի ընտանիքներուն։ Առաջնային մեր պարտաւորութիւններէն է նաեւ մանուկներն ու երիտասարդները մեր Եկեղեցւոյ հետ կապելը՝ Աւետարանի լոյսով եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ օրհնութեամբ պաշտպանելու անոնց մերօրեայ աշխարհի բազում մոլորութիւններէն եւ գայթակղութիւններէն»,- ըսաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը։
Աւարտին՝ իր գնահատանքը բերելով Հայ Եկեղեցւոյ ողջ հոգեւոր դասին՝ Նորին Սրբութիւնը հայցեց, որ Բազումողորմ Տէրը խաղաղութեան եւ ապահովութեան մէջ պահէ Հայաստանն ու Արցախը, շէն ու բարօր՝ յանուր հայութեան կեանքը։
