«Պարոն Ազնաւուրը». Ֆրանսան Ազնաւուրի Մասին Պատմող Գեղարուեստական Առաջին Ֆիլմը Պիտի Նկարահանէ
2024 թուականին աշխարհը պիտի տեսնէ ֆրանսահայ արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի մասին պատմող գեղարուեստական առջին ֆիլմը՝ «Պարոն Ազնաւուրը»։ Այս մասին կը յայտնէ «Ազնաւուր» հիմնադրամի Facebook-ի էջը:
Կը նշուի, որ ֆիլմը պիտի արտադրուի Ֆրանսայի մէջ։
«Յառաջիկային կը խոստանանք մանրամասնութիւններ ներկայացնել այս բացառիկ նախագիծին մասին»,- նշուած է հիմնադրամի էջին մէջ:
