«Թեւանիկ» Կազմակերպութիւնը Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կ՝ուղարկէ Սուրիա
Իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն կ՚օժանդակէ Արցախի բնակչութեան, դպրոցներուն եւ ՀՕՄ-ի ճամբով իրականացուող բոլոր ծրագիրներուն, այս անգամ մարդասիրական օժանդակութիւնը ուղղեց Սուրիա, զօրավիգ դառնալու սուրիահայութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։
Գնահատելով «Թեւանիկ»-ի օգնութիւնը՝ պատասխանատու կազմը հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ դեսպանատուն։
Դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմին եւ գնահատեց Իրանի, Հայաստանի ու Սուրիոյ բարեկամական կապերը՝ կարեւոր համարելով նման դժուար ժամանակներու մէջ զիրար օժանդակելը։
«Թեւանիկ»-ի պատասխանատու կազմը, գլխաւորութեամբ Իվէթ Դանիէլեանի, իր կարգին իրանահայութեան եւ «Թեւանիկ»-ի կողմէ ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին, դեսպանատան անձնակազմին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին՝ Սուրիոյ երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար։
Դեսպան Նորա Արիսեան ծանօթացաւ «Թեւանիկ»-ի գործունէութեան եւ բարձր գնահատեց զայն։
