Արցախի Թեմի Եկեղեցիններուն Մէջ Սուրբ Պատարագ Մատուցուած է (լուսանկարներ)
Փետրուար 14-ին, Հայոց Եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջը: Արցախի թեմի գործող եկեղեցիններուն մէջ, Փետրուար 13-ին, կատարուած է Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն աւարտին եկեղեցիններուն մէջ իրականացուած է նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ:
Փետրուար 14-ին, թեմի եկեղեցիններուն մէջ մատուցուած է Սուրբ Պատարագ:
Արցախի թեմի կայքէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Ստեփանակերտ քաղաքի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տօնական արարողութիւնները կը հանդիսապետէր թեմակալ առաջնորդը, որուն ձեռամբ նախատօնակին կատարուած է նորապսակներու օրհնութեան կարգ: Վրթանէս Սրբազանը իր հայրական հոգատարութեամբ աղօթք վերառաքած է երիտասարդ ընտանիքներու երջանիկ, խաղաղ եւ բարօր ընթացքին համար ու իր շնորհաւորանքները բերած է եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ժողովուրդին:








.jpg)





.jpg)

.jpg)
