Գերմանաբնակ Հայ Կնոջ Օգնութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ Երկրաշարժէն Տուժածներուն
Գերմանիա բնակող հայ կին մը, իր պատրաստած խմորեղէնն ու քաղցրեղէնները վաճառելով, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժէն տուժածներուն համար օգնութիւն կը հաւաքէ: Նայիրի անունով տիկինը արդէն հաւաքած է 610 եւրօ՝ տուժածներուն օգնելու համար:
Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Twitter-ի իր էջով տեղեկացուցած է Թուրքիա բնակող ընդդիմադիր հայեացքներով յայտնի հայ իրաւապաշտպան Նաթալի Աւազեանը:
