Մարտավարութիւնը Շրջափակումն է, Արդիւնքը՝ Բնակիչներուն Զրկանքը, Նպատակը՝ Ցեղական Զտումը․ ԱՄՆ Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Շրջափակման Դէմ Բանաձեւի Նախագիծ Ներկայացուած է
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ երկկուսակցական համախառն կառավարութիւնը՝ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբին գլխաւորութեամբ, երէկ Արցախի շրջափակման դէմ ներկայացուցած է բանաձեւի նախագիծ։ Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ բանաձեւը նպատակ ունի մեծցնելու ԱՄՆ-ի ճնշումը ազրպէյճանի հանդէպ, որպէսզի պաքուն վերջ տայ Արցախի երկու ամիս շարունակուող շրջափակման:
Օրինագիծը հեղինակած են Քալիֆորնիայէն ընտրուած դեմոկրատ քոնկրեսականներ Ֆրէնք Փալոնին եւ Պրէտ Շերմանը։ Օրինագիծին սկզբնական աջակիցներուն թիւը Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս արդէն կը հասնի 65-ի։ Աջակիցներուն մէջ կան ե՛ւ հանրապետական, ե՛ւ դեմոկրատ օրէնսդիրներ:
Նախագիծին հեղինակները կը շեշտեն ազրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրէնք Փալոնը գործընկերներուն ուղղած նամակին մէջ գրած է, որ ալիեւի վարչաձեւը կանխամտածուած քայլեր կը ձեռնարկէ բնիկ հայերը Արցախէն հեռացնելու համար եւ անոնց զրկելու իրենց նախնիներու երկրին մէջ ազատ, ժողովրդավարական եւ արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութենէն։
«Այս ամէնը ցեղական զտումներու ակնյայտ նշան է, որ մենք չենք կրնար անտեսել… Միացեալ Նահանգները պէտք է անյապաղ գործէ եւ օգտագործէ հասանելի բոլոր դիւանագիտական գործիքները միջանցքը վերաբանալու համար, քանի դեռ մարդկայնական ճգնաժամը չէ դարձած աղէտալի»,- գրած է Ֆրէնք Փալոնը։
Պրէտ Շերման, իր հերթին, գրած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է գործէ եւ միանշանակ դատապարտէ այս մահացու շրջափակումը։
«Եկէք պարզ ըսենք, թէ ինչ է ասիկա՝ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղական հայ բնակչութիւնը իրենց տուներէն դուրս մղելու փորձ՝ անհնարին դարձնելով կեանքը Արցախի մէջ։ Մարտավարութիւնը շրջափակումն է, արդիւնքը՝ բնակիչներուն զրկանքը, նպատակը՝ ցեղական զտումը»,- գրած է ան։
Բանաձեւի ընդունման պարագային՝ Ներկայացուցիչներու պալատը ԱՄՆ վարչակազմին հինգ գործնական քայլ պիտի առաջարկէ Արցախի մէջ մարդկայնական ճգնաժամին վատթարացումը կանխելու համար:
Հաղորդագրութեան համաձայն, առաջարկուող քայլերն են՝
-դիմել միջազգային դատարաններուն ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները հետաքննելու համար,
-համագործակցիլ միջազգային գործընկերներու, ներառեալ Արցախի իշխանութիւններուն հետ, Լաչինի միջանցքին մէջ միջազգային դիտորդներու տեղակայումը ապահովելու համար,
-անյապաղ դադրեցնել ԱՄՆ ցանկացած ռազմական կամ անվտանգութեան աջակցութիւն ազրպէյճանին,
-կիրառել Ազատութեան աջակցութեան ակտի 907-րդ ուղղումը, պատժամիջոցներ կիրառել Արցախի շրջափակման եւ մարդու իրաւունքներու այլ խախտումներու համար պատասխանատու ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու հանդէպ,
-ազրպէյճանական յարձակումներէն տուժող արցախահայերուն ամերիկեան կայուն մարդասիրական օգնութեան եւ զարգացման երկարաժամկէտ աջակցութեան հզօր ծրագիր մշակել:
