Հայաստանէն Ժամանած Խումբը Կը Մասնակցի Հալէպի Մէջ Տարուող Որոնողական Աշխատանքներուն
Հայաստանի Հանրապետութենէն ժամանած փրկարարներու խումբը սկսած է իր ծառայութեան։
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ խումբը երէկ երեկոյեան ժամը 23 00-էն մինչեւ հիմա Հալէպի «Շաար» շրջանին մէջ փուլ եկած շէնքերու փլատակներուն տակէն մարդկային կեանքեր փրկելու աշխատանքին լծուած է։



