Հայաստանը Օգնութիւն Կը Ցուցաբերէ 120 Հազար Հայերու Շրջափակման Պատուիրատու Դարձած Երկրին․ Թեւանեան
Կարելի էր ուղղակի ցաւակցիլ Թուրքիոյ։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, Փետրուար 8-ին, կառավարութեան ժամի ընթացքին ԱԺ նիստին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանը՝ մեկնաբանելով հայ հասարակութեան արձագանգը Թուրքիոյ օգնութիւն տրամադրելուն վերաբերեալ։
Ան, մասնաւորապէս, ուղղեց քանի մը հռետորական հարց։
«Թիւ մէկ հարցը։ Ինչո՞ւ նմանատիպ այլ իրավիճակի մը ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նման պատրաստուածութիւն եւ գործնականութիւն չցուցաբերեց։ Երկրորդ հերթին, ի՞նչ վարքագիծ կը դրսեւորէ Թուրքիան Հայաստանի հանդէպ, եւ ատկէ մեկնելով՝ ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ Հայաստանի համաչափ պատասխանը»,- ըսաւ ան։
Թեւանեանը յիշեցուց, որ բարեկամ Իրանին մէջ օրերս եւս երկրաշարժ տեղի ունեցած է։ Սակայն, պաշտօնական Երեւանը՝ ի դէմս Նիկոլ Փաշինեանի, անոր ոչ մէկ կերպ արձագանգեց։
«Ան օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւն չյայտնեց։ Եւ ատիկա այն պարագային, երբ Իրանը դարձաւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի գոյութեան փաստացի երաշխաւորը։ Իրանի մէջ յայտարարած են, որ չեն արտօներ տարածաշրջանային քարտէզի փոփոխութիւն։ Թեհրանը առանցքային քայլեր կը ձեռնարկէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հարցով։ Ամենայնդէպս՝ Սիւնիքի նկատմամբ»,- նկատեց Թեւանեանը։
«Ինչպէ՞ս եղաւ, որ թշնամական Թուրքիոյ նկատմամբ այդքան արագ արձագանգ եղաւ, իսկ բարեկամ Իրանի նկատմամբ՝ ոչ»,- տարակուսանք յայտնեց պատգամաւորը։
Անոր խօսքով՝ այդ ընթացքին ողբերգական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան նաեւ դաշնակից Ռուսիոյ մէջ, սակայն Հայաստանը այստեղ ալ ինքզինք ոչ մէկ կերպով դրսեւորեց։
«Հիմնաւոր կասկածներ կան, որ եթէ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժը տեղի ունենար այլ պահու՝ անոր հետ պիտի վարուէին ճիշդ այնպէս, ինչպէս Իրանի հետ»,- աւելցուց պատգամաւորը։
Թեւանեանը նշեց, որ Հայաստանը ըստ էութեան օգնութիւն կը ցուցաբերէ 120 հազար հայերու շրջափակման պատուիրատու դարձած երկրին։
