Խաղաղապահները 25 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Տեղափոխած են Ստեփանակերտ
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին զինծառայողները Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցած են 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն: Այս մասին կը յայտնէ խաղաղապահներու Telegram-ի ալիքը։
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին զինծառայողները՝ «Հայեր միացէք» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հետ համատեղ՝ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխած են Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցած 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
