Երկու Մուսալեռցի՝ Զոհ Երկրաշարժին

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Քիչ առաջ, Մուսա լերան Մագըֆ գիւղի գիւղապետ Պերճ Գարթունը հաստատեց, թէ երկու մուսալեռցի զոհ գացած են երկրաշարժին՝ ոչ Մուսա լերան մէջ, այլ՝ ուրիշ քաղաքներու։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Եսայի Մարտիրոս Հաւաթեանի Facebook-ի էջէն։

«Գիւղապետը յայտնեց, թէ ժողովուրդը կը գիշերէ գիւղին կեդրոնը, վրանի տակ, ճաշարանին կից։ Երկրաշարժին յետ ցնցումները զօրաւոր են եւ մարդիկ չեն ուզեր իրենց տուներուն մէջ մնալ։

«Մագըֆի բոլոր տուներն ու եկեղեցին վնասուած են երկրաշարժէն։ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը օգնութիւններ կ՝ուղարկէ Մագըֆ եւ հաւանաբար գիւղի աշակերտները Պոլիս տեղափոխուին»,- գրած է ան։