Արցախի ԱԳ Նախարարը Ցաւակցական Նամակ Ուղարկած է Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը ցաւակցական նամակ ուղարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպան Նորա Արիսեանին.

«Խոր ցաւով տեղեկացանք կործանարար երկրաշարժին մասին, որ խլեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան հարիւրաւոր քաղաքացիներու կեանքեր եւ պատճառ դարձաւ հսկայական աւերածութիւններու: Անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Ձեզ եւ ի դէմս Ձեզ՝ զոհերու ընտանիքներուն ու Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին՝ Ձեր հայրենակիցներուն եւ հարազատներուն զոհուելուն կապակցութեամբ։ Այս վշտի պահուն մեր մտքերն ու աղօթքները Սուրիոյ ժողովուրդին հետ են։ Բոլորիդ կը մաղթենք քաջութիւն, ոգիի ամրութիւն եւ համբերութիւն, իսկ վիրաւորներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում»,- նշուած է նամակին մէջ: