Տիգրանակերտցի Հայ Երգչուհին Եւս Փլատակներու Տակ Մնացած է Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Ուժգին Երկրաշարժին Պատճառով
Թուրքիոյ մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժին հետեւանքով փլատակներու տակ մնացած են նաեւ Տիգրանակերտի մէջ ապրող հայ երգչուհի Զիլան Տիգրիսն ու իր ամուսինը։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելմով տիգրանակերտցի հայ արուեստի գործիչներէն Ուտի Երուանդի Facebook-ի վրայ կատարած գրառումը։
Ըստ աղբիւրին՝ Զիլան Տիգրիսն ու իր ամուսինը՝ Չաղտաշ Չանքայեան, դեռ չեն հանուած փլատակներուն տակէն։ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը յոյս կը յայտնէ, որ անոնց ողջ եւ առողջ դուրս կը հանուին այնտեղէն։
Զիլան Տիգրիսը ծնած է 1972 թ., Տիգրանակերտ, ուր ստացած է թէ՛ տարրական, թէ՛ միջնակարգ եւ թէ՛ բարձրագոյն կրթութիւնը: Ան հայկական ծագում ունի ե՛ւ մօրական, ե՛ւ հօրական կողմէն։
Հայ երգչուհին 2015 թ․ Օգոստոսին մասնակցած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագրին, որուն ծիրէն ներս ալ՝ 85 հայերու հետ միասին՝ այցելած էր Հայաստան։

