Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը 812-ի Հասաւ

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան տուեալներով Երեքշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտեան երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 812-ի, վիրաւորներունը՝ 1449-ի։

Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Համայի մէջ երէկ գիշեր մինչեւ առաւօտ միջին ուժգնութեամբ յետ-ցնցումները շարունակուեցան, իսկ առաւօտեան այժմեան թուրքիոյ Մարաշ նահանգին մէջ տեղի ունեցած 5,6 աստիճան ուժով այլ երկրաշարժի մը հետեւանքով՝ ցնցուեցաւ յատկապէս Քէսապը։