Միայն Անկոտրում Կամքով Հնարաւոր Պիտի Ըլլայ Կանխել Մարդկայնական Աղէտը. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Փետրուար 7-ին, հեռախօսազրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի հետ։
Երկրի ղեկավարը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ներկայացուցած է ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը գրեթէ երկու ամիս փակ պահելու հետեւանքով Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած մարդկայնական եւ հասարակական-տնտեսական ճգնաժամը, նշած է այն քայլերը, որոնք կ՝իրականացուին Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ։
Նախագահ Յարութիւնեան մեծ ցաւով ու ափսոսանքով անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին, Վեհափառէն հետաքրքրուած է տեղի հայկական համայնքին որպիսութեամբ, արցախահայութեան զօրակցութիւնը փոխանցած բնական աղէտէն տուժած հայ ընտանիքներուն:
Վեհափառ Հայրապետը իր աջակցութիւնը յայտնած է Արցախի ժողովուրդին, ընդգծելով, որ ամենօրեայ աղօթքներէն զատ կաթողիկոսարանը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել արցախահայութեան սատար կանգնելու համար:
Արամ Ա․ վստահութիւն յայտնած է, որ միայն անկոտրում կամքով եւ կուռ միասնութեամբ հնարաւոր պիտի ըլլայ յաղթահարել ծառացած մարտահրաւէրները եւ կանխել մարդկայնական աղէտը։
