Մեր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնենք Մեր Քոյրերուն ու Եղբայրներուն՝ Մաղթելով ուժ ու Համբերութիւն․ Ցաւակցագիր ՀՀ-ի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին
Փետրուար 6-ին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին կապակցութեամբ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան ցաւակցութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ այդ երկրի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանին:
Ցաւակցագիրին մէջ ըսուած է.
ՀՀ-ի մէջ ՍԱՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան,
ՆԳ տիկին Նորա Արիսեան
Ազնուափայլ տիկին Արիսեան
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն իր խորազգաց ցաւակցութիւններըը կը յայտնէ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ սուրիահայ համայնքին՝ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով կրած մարդկային կորուստներուն կապակցութեամբ:
Կը գիտակցինք նաեւ, որ երկրաշարժին եւ յետցնցումներուն պատճառած նիւթական վնասները ահաւոր են. այդ պատճառով եւ աղէտեալ ընտանիքներուն հարկ եղած օժանդակութեան համար արդէն իսկ ձեռնարկած ենք համաշխարհային հանգանակային արշաւ:
Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ կը մաղթենք ուժ ու համբերութիւն:
Յարգանքներով`
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ
PDF տարբերակը 20230207-Սուրիոյ դեսպանուհի Տկն. Նորա Արիսեանին
