Հայաստանը Այսօր Փրկարարական Ջոկատներ Կ՝ուղարկէ Սուրիա եւ Թուրքիա. ԱԳՆ Խօսնակ
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկարարական ջոկատներ կ՝ուղարկէ Սուրիա եւ Թուրքիա՝ աջակցելու աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով տուժած շրջաններուն մէջ իրականացուող որոնողափրկարարական աշխատանքներուն: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեան։
