Հալէպի Բնակչութեան Մեծամասնութիւնը Երէկ Գիշեր Անցուց Բնակարաններէն Դուրս՝ Ակումբներու եւ Եկեղեցիներու Մէջ
Երէկ երեկոյեան մինչեւ լուսաբաց երկրաշարժի թեթեւ յետցնցումները շարունակուեցան պարբերաբար։
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ինքնաշարժներու, ազգային միութենական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ պետութեան տրամադրած ապաստարաններուն մէջ անցուց ողջ գիշերը։




