Արցախցիները Բռնութեամբ ազրպէյճանին Ենթարկելը Միջազգային Իրաւունքի Չափանիշներու Խախտում է․ Արցախի ԱԳՆ
Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանի իրաւասութեան հաստատումը Արցախի ժողովուրդին եւ անոր իրաւունքներուն վրայ փաստացի հաւասարազօր պիտի ըլլայ սեփական հայրենիքէն արցախցիներուն բռնի վտարման։ Եթէ արտերկրի մէջ ոեւէ մէկը կասկածներ ունէր այս հարցով, ուստի Արցախի շրջափակումով եւ մարդկայնական աղէտի հրահրումով ազրպէյճանը ինքը ցրուեց այդ կասկածները։ Այս մասին «Արցախպրեսսի» հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի ԱԳՆ Սերգէյ Ղազարեան։
«Արցախի եւ ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան ներկայ փուլին էութիւնը կը կայանայ ճիշդ այնտեղ, որ ազրպէյճանը ոչ միայն չի կրնար երաշխաւորել իրաւունքները, այլեւ նպատակաուղղուած եւ հետեւողական քաղաքականութիւն կը վարէ Արցախի ժողովուրդը իբրեւ այդպիսին ոչնչացնելու համար։ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները ապահովելու պատրաստակամութեան մասին ազրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները ընդամէնը քող են, որուն ետին պաքուն պիտի փորձէ աւարտին հասցնել իր յանցաւոր քաղաքականութիւնը։ ազրպէյճանի նախագահին վերոյիշեալ կոչը բոլոր անոնց, որոնք չեն ուզեր ենթարկուիլ պաքուին, լքել Արցախը, ակնյայտ կը դարձնէ, թէ ազրպէյճանի նպատակներէն որոնք իրական են, իսկ որոնք՝ պարզապէս հնարք։ Մենք վճռականօրէն կը մերժենք ցանկացած առաջարկ ազրպէյճանին մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հանդէպ իրաւազօրութիւնը փոխանցելու վերաբերեալ։ Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան առաջին հերթին առաջնորդուելու Արցախի մէջ ապրող մարդոց շահերով, որոնց կը սպառնայ վտարում հայրենիքէն։ Արցախցիներուն սպառնացող վերահաս աղէտի ծիրէն ներս միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնն ու անգործութիւնը զանցաթողութիւն է, եթէ չըսենք՝ մեղսակցութիւն»,- նշած է ան։
Անդրադառնալով հակամարտութեան կարգաւորման արցախեան պատկերացումներուն՝ նախարարը նշած է, որ բովանդակային տեսանկիւնէ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է ուղղուած ըլլայ անոր սկզբնապատճառի վերացման՝ կապուած Արցախի ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքները ճանչնալու ազրպէյճանի չկամութեան հետ, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի ռազմական ուժի կիրառման հետեւանքներու շտկման։
«Ընթացակարգային տեսանկիւնէ հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած որոշումներուն վրայ։ Այդ է միջազգային իրաւունքին պահանջը։ Մենք կողմ ենք Արցախի եւ ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու միջազգային մեքենականութեան վերականգնման գաղափարին։ Ուղիղ բանակցութիւններու ծիրէն ներս կրնանք հասնիլ արդար եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն երաշխաւորող համաձայնութեան։ Միջազգային մեքենականութեան ստեղծման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ միջազգային հանրութեան առաջարկները կը վկայեն, որ առկայ է համընդհանուր ըմբռնում առ այն, որ Արցախի ժողովուրդը բռնութեամբ ազրպէյճանի իրաւասութեան ենթարկելը մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւունքի չափանիշներու խախտում է, իսկ այդ ծրագրի գործնական իրականացումը պիտի հանգեցնէ ազրպէյճանի կողմէ հայերու հանդէպ բռնութեան եւ հետապնդումներու ծայրայեղ դրսեւորումներու: Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան շարունակելու ջանքերը՝ ուղղուած միջազգային իրաւունքի հիման վրայ հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման։ Հակամարտության կարգավորման մյուս ուղիները զանցաթողություն են Ադրբեջանի ցեղասպան քաղաքականության հանդեպ»,- ասել է նա։
