15 Զինծառայողներու Մահուան Ելքով Հրդեհէն Ետք Լրագրողներուն Հարցազրոյց Տուած Դասակի Հրամանատարը Հեռացուած է Ծառայութենէն

Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հրամանով՝ 15 զինծառայողներու մահուան ելքով հրդեհէն ետք լրագրողներուն հարցազրոյց տուած դասակի հրամանատարը հեռացուած է ծառայութենէն։ Այս մասին Iravaban.net-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է վերջինիս փաստաբան Արսէն Բաբայեանը։

Ան նշած է, որ հրամանին մէջ նշուած է, որ դասակի հրամանատարը հեռացուած է իր զեկուցագրին հիման վրայ:

Նշենք, որ Յունուար 19-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին դասակի հրամանատարը նշած էր, որ չի մտահոգուիր, որ զինք կը հեռացնեն աշխատանքէն. «Ընդհանրապէս չեմ մտահոգուիր, որովհետեւ, եթէ աշխատանքէն հեռացնելու ըլլային, համալսարանը աւարտելէ ետք 10 միլիոն տուգանքի պայմանագիր ես չէի ստորագրեր: Պայմանագիրս 10 տարի է, ամէն տարի մէկ միլիոն դրամով կը նուազի: Ես պարտադիր 10 տարի պէտք է ծառայեմ, դուրս ելլելու պարագային, օրինակ՝ եթէ ծառայած եմ 2 տարի, պէտք է վճարեմ 8 միլիոն դրամ եւ դուրս ելլեմ:

Արսէն Բաբայեանի խօսքով՝ հեռացման հրամանին մէջ նշուած է, որ զինծառայողը իր զեկուցագրին հիման վրայ հեռացուած է՝ այդ դրամական պարտաւորութիւններուն պատճառով:

«Որպէսզի իր վրայ յառաջանայ այդ դրամական պարտաւորութիւնները: Այս պահուն հաշուարկ չունինք, թէ որքան գումար պէտք է վճարուի»,- ըսած է ան:

Բաբայեանի խօսքով՝ դասակի հրամանատարը արդէն մէկ անգամ հարցաքննուած է:

«Աշխատանքի հեռացման հետ կապուած՝ իր խնդրանքով, գործին որեւէ ընթացք չի տրուեցաւ»,- ըսած է փաստաբանը:

Ան նաեւ նշած է, որ այս պահուն նպատակայարման չեն գտներ դասակի հրամանատարին անուն-ազգանունը հրապարակելը, քանի որ կայ թիրախաւորման խնդիր:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 19-ին, ժամը 01:30-ի սահմաններուն հրդեհ բռնկած էր Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին վրայ տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ինժեներասակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ:

ՊՆ N զօրամասի ինժեներասակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհին հետեւանքով զոհուած էր 15 զինծառայող, 3 զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր: