Ուսանողները Կ՝ուզեն Այս Իրավիճակը Յաղթահարել Ուսման Միջոցով․ Ալիսա Բաղդասարեան

Հայաստան

Ի՞նչ խնդիրներ յարուցած է շրջափակումը համալսարանական կրթութեան համակարգին: Այս հարցին վերաբերեալ «Ապառաժ»-ը զրուցած է Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի փոխ տնօրէն Ալիսա Բաղդասարեանի հետ:

«Բնականաբար, շրջափակումն ու անոր հետեւանքով յառաջացած խնդիրները դժուարութիւններ ստեղծած են ինչպէս միւս ոլորտներու աշխատանքներուն, այնպէս ալ  ուսումնական հաստատութիւններուն համար: Նախ, շեշտեմ այն հանգամանքը, որ մեր ուսանողներէն, նոյնիսկ աշխատողներէն քանի մը հոգին դեռ կը գտնուին ՀՀ-ի մէջ եւ չեն կրնար վերադառնալ: Ուստի, մեկնելով իրավիճակէն, այնպէս կազմակերպած ենք ուսումնական գործընթացը, որ հնարաւորինս ձերբազատինք յառաջացող խնդիրներէն: Այս պահուն զբաղած ենք առաջին կիսամեակի քննաշրջանի եւ հեռակայ բաժնի ուսումնական գործընթացի ամփոփմամբ եւ երկրորդ կիսամեակի ուսումնական գործընթացը սկսելու նախապատրաստութեամբ: Փետրուար 7-էն առկայ ուսումնական գործընթացը պիտի վերսկսի, չենք գիտեր ինչ պիտի ըլլայ, ինչպէս պիտի կազմակերպուի, դեռ իրավիճակը պարզ չէ, այն ժամանակ պարզ կ՝ըլլայ եւ տուեալ իրողութեամբ ալ կ՝առաջնորդուինք»,- իրավիճակը ներկայացուցած է փոխ տնօրէնը:

Խօսելով ուսանողներու տրամադրուածութեան մասին՝ ան նշած է, որ ուսանողները պատրաստակամ են՝ ներկայանալու, սորվելու, անոնք կ՝ուզեն այս իրավիճակը յաղթահարել ուսման միջոցով: «Բնական է՝ յայտնուած ենք հոգեբանական եւ տնտեսական ծանր իրավիճակի մէջ, խնդիրներ առկայ են, սակայն ցանկացած խնդիր յաղթահարելի է։ Մեր ժողովուրդը ուժեղ է, այս բոլորին պիտի դիմանայ, որովհետեւ կ՝ապրի եւ կը պայքարի իր հողին համար։ Մեր ուսանողները ընկճուած չեն, հիասթափուած չեն, այս է կարեւորը, իսկ դասախօսները ամէն ինչ կ՝ընեն, որպէսզի ուսանողները իրենց լաւ զգան»,- նշած է Բաղդասարեան:

Անդրադառնալով վերջին քանի մը տարուան ընթացքին արտակարգ իրավիճակներու մէջ ուսում ստանալու մասին հարցին, ան նշած է, որ խնդիրը առաւել ընդգծուած է դպրոցներուն մէջ: «Քանի որ ուսանողները հասուն մարդիկ են, խորհրդատւութիւններու, ինքնուրոյն աշխատանքներու միջոցով հնարաւոր է նիւթը տեղ հասցնել, իսկ աշակերտը ուղղորդուելու կարիք ունի: Ատոր համար պէտք է ուսուցիչներն ու ծնողները ուղղորդեն աշակերտները: Հիմա պէտք է ուսուցիչ-ծնող փոխհամագործակցութիւնը ամուր եւ արդիւնաւէտ ըլլայ, որ երեխաները սորվին,  կրթութիւն ստանան: Դասախօս-ուսանող կապը մեր մօտ շատ ընդգծուած է. թէ առցանց միացումներով, թէ առդէմ հանդիպումներով անիկա աւելի կ՝ամրապնդուի: Ի հարկէ, բան մը պէտք է կատարուի, որ այս իրավիճակը այսպէս երկար չշարունակուի: Յատկապէս խնդրայարոյց վիճակ է դպրոցներու համար»,- ըսած է ան: