ազրպէյճանը Այդ Ականները Հաւաքած է ՀՀ Ինքնիշխան Տարածքէն. Հաագայի Մէջ Հայկական Կողմը Կ՝արձագանգէ ազրպէյճանի Պահանջներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան Հաագայի մէջ պատասխանեց ազրպէյճանի այն կեղծ պնդումներուն, թէ իբր Հայաստանը ականներ կը տեղափոխէ Լաչինի միջանցքով եւ զանոնք կը տեղադրէ բնակավայրերու մօտ։

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Հայաստանի դէմ ազրպէյճանի ներկայացուցած հայցի քննարկման ընթացքին Եղիշե Կիրակոսեանը նշեց, որ պաքուն այս ականները հաւաքած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն:

«Հայաստան իր ինքնիշխան տարածքին վրայ ականներ տեղադրած է զուտ պաշտպանական նպատակներով, ըրած է ատիկա՝ հաշուի առնելով ազրպէյճանի կողմէ կրկնուող յարձակողական գործողութիւնները: Հայաստան իր ինքնիշխան տարածքէն դուրս ականներ չի տեղադրեր՝ յատկապէս քաղաքացիական տարածքներու մէջ եւ չի փորձեր ցեղապաշտական հիմքով թիրախ դարձնել քաղաքացիները: ազրպէյճանը այդ ականները, որոնց վերաբերեալ կը բողոքէ, հաւաքած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, որոնք ազրպէյճանի զինուած ուժերը զբաղցուցած են 2021-2022 թուականներուն: Ուստի, ազրպէյճանը կը փորձէ իր անօրինական յարձակողական գործողութիւններէն ետք հաւաքած ականներուն հիման վրայ կեղծ ապացուցողական հիմք ձեւաւորել իր միջնորդութիւնը հիմնաւորելու համար: Այս միջնորդութիւնը զուրկ է հիմքերէ: Ես յոյսով եմ, որ դատարանը ազրպէյճանին թոյլ պիտի չտայ դատարանի վարոյթը չարաշահելու՝ փորձելով իր իսկ կատարած անօրինական գործողութիւններուն հետեւանքներէն օգտուիլ»,- ըսաւ Կիրակոսեան։

Անոր խօսքով՝ ազրպէյճանի պահանջը հերթական ակնյայտ փորձն է ուշադրութիւնը շեղելու իր չարագործութիւններէն: Կիրակոսեան ընդգծեց՝ ազրպէյճանը իր միջնորդութիւնը ներկայացուցած է Հայաստանի միջնորդութենէն ընդամէնը 6 օր անց, հակառակ այն փաստին, որ իր ենթադրեալ ապացոյցներուն մեծ մասը ամիսներ շարունակ իր տնօրինութեան տակ են:

Նշենք, որ Յունուար 30-ին, ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ կայացած են ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի հայցին լսումները: