Փաշինեան Կը Վախնայ Դիմադրող Հայ Երիտասարդութենէն․ Յովսէփ Տէր Գէորգեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նիկոլ Փաշինեան, հաւատարիմ իր ազգակործան քաղաքականութեան, անշեղօրէն կը շարունակէ իր աղետալի ընթացքը հաւասարապէս արտաքին եւ ներքին մակարդակներու վրայ։

Ազերիէն ու Թուրքէն խաղաղութիւն մուրացող Փաշինեան, սլաքները լարած է դիմադրող հայ երիտասարդութեան դէմ, որմէ այնքան կը վախնայ և ստոր քայլերով կը յաւակնի զայն լռեցնել, թուլացնել և չէզոքացնել:

Ամիսներ առաջ կ՛արգիլուէր Հ.Յ.Դ. ղեկավարներու և Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի մուտքը Հայաստան։ Այս անգամ, Ֆրանսայի «Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեանի մուտքի արգիլումով, Փաշինեան կը փորձէ հարուածել Հայաստանի, Արցախի և Սփիւռքի տարածքին յանուն Արցախի՝ թուրքին և ազերիին դէմ պայքարող հիմնական երիտասարդական կազմակերպութեան։

Ընդլայնելով ծիրը, կ՚արժէ քննել հայ երիտասարդութեան նկատմամբ Նիկոլ Փաշինեանի կիրարկած քաղաքականութիւնը, և այս ուղղութեամբ իր գործած անհամար սխալներն ու դաւադրական քայլերը աւելցնել իր այնքան հարուստ ամբաստանագրին վրայ:

Անառարկելի է որ Փաշինեանը ամէն գնով կը փորձէ բթացնել Հայ երիտասարդութեան զգօնութիւնը, դիմադրողականութիւնը եւ պայքարելու կամքը:

Օրինակները շատ են. Զարեհ Սինանեան կոչեցեալի անհեթեթ ծրագիրներու միջոցաւ, ան կը փորձէ սփիւռքի երիտասարդութիւնը պառակտել, և ուռուցիկ հանգամանքներով ու “նորարար” դաստիարակութեամբ անոնց մէջ սերմանել ապազգային տրամադրութիւններ:

Ասոր զուգահեռ, Փաշինեան կազմաքանդեց և կը շարունակէ թուլացնել Հայկական բանակը, եւ այնպիսի վիճակ կը ստեղծէ, որ հայրենիքի ապահովութեան ծառայելը պատուհաս նկատուի երիտասարդութեան կողմէ: Վկայ ամբողջ սերունդ մը որ զոհուեցաւ իր սխալ քաղաքականութեան և 44-օրեայ պատերազմը դիտաւորեալ չկազմակերպելու պատճառաւ: Կորուստներու ցանկը կը համալրուի Ազատ գիւղի նորագոյն ողբերգութեամբ։

Նիկոլ Փաշինեանի մասին Արցախի երիտասարդութեան կարծիքին արդեօք կ՚արժէ՞ անդրադառնալ, եւ այդ յարաբերութեան որակին մասին փաստեր ներկայացնել: “Արցախը հայաստան է և վերջ” յայտարարող և իր իւրաքանչիւր խօսքին մէջ հայ երեխաներուն «երջանիկ ապրելու» սուտ խոստումներ տուող խեղկատակը կարո՞ղ է արդեօք ձեռնածուի աճպարարութեամբ համոզել Արցախի երիտասարդութիւնը և 30.000 շրջափակուած երեխաները, որ անոնց երջանկութեան համար ինք իսկապէս մտահոգ է…:

Նիկոլ Փաշինեանի հակադաշնակցական մոլուցքին ի պատասխան, Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը իր գործունէութեամբ կը վերահաստատէ որ ՝

– Նիկոլի այս դաւադիր քայլերը զինք պիտի չշեղեն հակաթուրք եւ հակաազերի պայքարէն
– Պիտի շարունակէ գործել ի խնդիր Արցախի եւ Սիւնիքի հզօրացման, և առհասարակ հայաստանի անվտանգութեան ապահովման։
– Այս պայքարի առաւել արդիւնաւէտութեան համար, Նիկոլի հեռացումը կը մնայ հրամայական եւ այս ուղղութեամբ իր աշխատանքը թափով պիտի շարունակուի:
– Բռնաճնշուած ու անիրաւուած Հայաստանի, Արցախի և Սփիւռքի երիտասարդութեան միասնական պայքարը անհրաժեշտ է կասեցնելու ազգի գահավիժումը: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը ստանձնած այս պատասխանատուութեան իր բաժինը:

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի բազմաթիւ անդամներու բանտարկութեան, հայրենիք մուտքի արգիլումը, բռնաճնշումի և հալածանքի որոշումները բնաւ պիտի չկասեցնեն այս ընթացքը: