Երուսաղէմի Մէջ Հայերու եւ Հայոց Պատրիարքարանի Վրայ Յարձակումներ Եղած Են
Երուսաղէմի մէջ փորձած են բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիք եւ հանել խաչակիր եւ ՀՀ դրօշները, ինչպէս նաեւ երկու յարձակում կատարած են հայերու վրայ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Աղան Գոգչեան։
«Յունուար 28-ի ուշ երեկոյեան, երկու հրէայ ծայրայեղականներ Հայոց Պատրիարքարանի փողոցով «Լացի պատ» երթալու պահուն Հայոց Վանքին դիմաց նախ փորձած են խոչընդոտել երթեւեկութիւնը, ապա դուրս ելլելով ճանապարհէն՝ հարուածած են աշխատանքէն տուն վերադարձող հայ երիտասարդներու ինքնաշարժին: Հայ երիտասարդները ինքնաշարժէն իջնելով քաղաքաւար կերպով խօսած եւ հարցուցած են. «Ինչո՞ւ կը հարուածէք ինքնաշարժին, ասիկա մեր թաղամասն է, մենք աշխատանքէն տուն կը դառնանք: Մենք կը յարգենք հրեաները, ինչո՞ւ այսպիսի բաներ կ՝ընէք, մենք ձեզի ի՞նչ ըրած ենք»:
Հրէայ ծայրայեղականներէն մէկը սկսած է բղաւել. «Դուք այստեղ թաղամաս չունի՛ք: Ասիկա մե՛ր երկիրն է, գացէք մեր երկրէն»:
Եւ երբ հայ երիտասարդները ըսած են. «Ասիկա նաեւ մե՛ր երկիրն է, մեր տունը այստե՛ղ է, մենք այստե՛ղ ծնած ենք, ուրիշ տեղ չունինք երթալու», միւս ծայրայեղականը արցունքաբեր կազ փչած է հայ երիտասարդի աչքերուն եւ երկուքով դիմած են փախուստի: Հայ երիտասարդները փորձած են հետապնդել վերջիններս, որպէսզի ոստիկաններուն յանձնեն, սակայն արցունքաբեր կազին ազդեցութիւնը թոյլ չէ տուած եւ հայ երիտասարդը, ընկերը տեղափոխած է հիւանդանոց:
Հիւանդանոցէն վերադառնալէ ետք՝ հայ երիտասարդները բողոք ներկայացուցած են ոստիկանութիւն: Ոստիկանները յայնտաբերած են երկու հրէայ ծայրայեղականները եւ ձերբակալած: Անոնցմէ մէկը լուսաբացին ազատ արձակած են, իսկ արցունքաբեր կազ փչողը դեռ ձերբակալուած է:
Այս դէպքէն մէկ ժամ ետք, հրէայ ծայրայեղականներու այլ խումբ մը «Լացի պատ» երթալու պահուն, անցնելով Պատրիարքարանի փողոցէն՝ փորձած է մագլցելով բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիք եւ հանել պատրիարքարանի խաչակիր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները: Այդ պահուն վանքին դիմաց կանգնած հայ երիտասարդները նկատելով այդ՝ մօտեցած եւ արգիլած են հրէայ ծայրայեղականներուն գործողութիւնները, վերջիններս փախած են եւ շուտով վերադարձած աւելի փոքր խումբով, այս անգամ դիմակաւորուած:
Դիմակաւոր ծայրայեղականները կրկին փորձած են կռիւ հրահրել, հայ երիտասարդներուն ուղղութեամբ օդին մէջ արցունքաբեր կազ փչած են, հայհոյած հայերուն եւ փախած ոստիկանութեան ուղղութեամբ: Հայ երիտասարդները հետապնդած են անոնց, եւ երբ վերջիններս տեսած են, որ հայերը կը հետապնդեն իրենց՝ բղաւած են. «Տեռորիստական յարձակո՜ւմ, տեռորիստական յարձակո՜ւմ»:
Ոստիկանները կարծելով, որ հրէայ ծայրայեղականներուն բղաւոցները ճիշդ են՝ փակած են հայ երիտասարդներուն ճանապարհը, զէնքերը պահելով անոնց վրայ՝ ծեծի ենթարկած են քանի մը հոգին, եւ անոնցմէ Գէորգ Քահկէճեանը ձերբակալելով՝ տարած են ոստիկանութիւն, այն մեղադրանքով թէ վերջինս յարձակած է ոստիկանի վրայ, որ իրականութեան հետ աղերս չունի:
Գէորգ Քահկէճեանը մէկ գիշեր պահած են ոստիկանութեան մօտ, յաջորդ օրը, Յունուար 29-ին, կէսօրէն ետք, Նորին Ամենապատւութիւն Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր անմիջական միջամտութեամբ եւ դատարանի որոշմամբ Գէորգ Քահկէճեանը ազատ արձակուած է՝ ստանալով 20-օրեայ տնային կալանք: Եւ քանի որ Գէորգ Քահկէճեանը ունի մարմնական վնասուածքներ, վանքի փաստաբանին միջնորդութեամբ ոստիկանութիւնը արտօնած է, որ վերջինս բժշկական հետազօտութիւն անցնի»,- գրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին դիւանապետը:
