ազրպէյճանը Կը Պարծենայ, Թէ Ինչպէս ՄԻԵԴ-ի Որոշումը Անգամ Չի Կրնար Կանգնեցնել Զինք. Կոնստանթինոս Սալոնիդիսը՝ ՄԱԿ-ի Դատարանին Մէջ
ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի, եթէ ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանը հրատապ կերպով չմիջամտէ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտարարած է Հայաստանի հայցը ներկայացնող փաստաբաններէն Կոնստանթինոս Սալոնիդիսը, ՄԱԿ-ի արդրադատութեան միջազգային դատարանին մէջ՝ Հայաստանն ընդդէմ ազրպէյճանի դատավարական լսումներուն ժամանակ:
Կոնստանթինոս Սալոնիդիսը նախ խօսած է կանխակալ վերաբերմունքի մասին: «Դատարանը իրաւունք ունի միջանկեալ միջոցներ կիրառելու, եթէ կանխակալ վերաբերմունքի հետեւանքով կրնան տուժել դատական վարոյթին մէջ քննուող իրաւունքները, կամ, եթէ այդ իրաւունքներուն ոտնահարումը կրնայ անուղղելի հետեւանքներ յառաջացնել»,- ըսած է ան:
Սալոնիդիսը յիշեցուցած է, որ բոլոր նախկին գործերուն մէջ, որոնց ծիրէն ներս Ռասսայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին համաձայնագրի հնարաւոր խախտում եղած է, դատարանը համաձայնագրի 5-րդ յօդուածով նախատեսուած իրաւունքները ճանչցած է այնպէս, որ անոնց նկատմամբ կանխակալ վերաբերմունքը կրնայ անուղղելի վնաս պատճառել: Ան տարբեր օրինակներ բերած է. օրինակ՝ Քաթարն ընդդէմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գործով դատարանը արձանագրած է, որ կանխակալութիւնը կրնայ անուղղելի համարուիլ, եթէ անձերուն նկատմամբ կը կիրառուին ժամանակաւոր կամ շարունակուող միջոցներ, որոնց հետեւանքով անոնք կը կտրուին ընտանիքէն եւ կը կրեն հոգեբանական տառապանք:
Սոյն միջնորդութեամբ պահանջելով միջանկեալ միջոց՝ Հայաստանը կը ձգտի պաշտպանել հայերու իրաւունքները՝ համաձայնագրի 5-րդ յօդուածին բ,դ, ե ենթակէտերով, 4-րդ կէտով, նաեւ Ռասսայական խտրականութեան բոլոր ձեւերուն վերացման մասին համաձայնագրի 2-րդ յօդուածով նախատեսուած հանգամանքները: ազրպէյճանը այս հանգամանքներով վտանգած է հայութեան՝ հազարաւոր մարդոց անվտանգութիւնը, անոնց զրկած է տեղաշարժի ազատութենէն եւ սիրելի մարդոց հետ ըլլալու իրաւունքէն, սնունդ, դեղորայք, բուժօգնութիւն, կրթութիւն, ջեռուցում, ելեկտրականութիւն ստանալու իրաւունքներէն՝ ցրտաշունչ ձմրան ամիսներուն: «Դատարանը հիմքեր չունի վերանայելու իր ձեւաւորած նախադէպային փորձը՝ համաձայնագրի 5-րդ յօդուածին հիման վրայ կամ իրաւունքներու հնարաւոր ոտնահարումներու վերաբերեալ ձեւաւորուած դատական փորձը»,- շեշտած է Կոնստանթինոս Սալոնիդիսը:
Ապա, ան միջանկեալ միջոցի կիրառումը հիմնաւորած է հրատապութեան գործօնով: Դատարանը յստակօրէն յայտնած է, որ միջանկեալ միջոցներ կը կիրառէ այն պարագային, երբ կայ հրատապութիւն՝ այն իմաստով, որ կայ իրական վերահաս վտանգ, որ կրնայ վնաս պատճառուիլ նախքան դատարանին կողմէ վերջնական որոշման կայացումը, որ տեղի ունեցած է ԼՂ շրջափակման այս 50 օրերուն ընթացքին: Ապա, Կոնստանթինոս Սալոնիդիսը մանրամասն ներկայացուցած է փաստեր՝ կազամատակարարման դադրեցումէն մինչեւ դեղերու, սնունդի պակաս, դպրոցներու, նախակրթարաններու փակումէն մինչեւ Հայաստանէն ԼՂ բարձրաստիճան հոսանքի միակ գիծի վնասում եւ այլն:
«Իրավիճակը կը մնայ վտանգաւոր: Կը թեւակոխենք 50-րդ օրը: Աւելի քան 1000 անձ կտրուած է ընտանիքէն եւ ընկերներէն, ներառեալ՝ հարիւրաւոր երեխաներ: Պատկերացուցէք, թէ վերջին 50 օրերուն ամէն վայրկեան այդ երեխաները, անոնց ծնողները ինչ զգացած են: Քիմիոթերափիա հնարաւոր չէ ստանալ, մարդիկ բուժում չեն ստանար արդէն 7 շաբաթ, այսինքն՝ քաղցկեղէն բուժուելու հնարաւորութիւնները կամաց-կամաց կը զերոյանան: Այս պահուն հարիւրաւոր ծրագրուած վիրահատութիւններ անժամկէտ կասեցուած են, հիւանդանոցներու սենեակները հնարաւոր չէ բաւականաչափ ջեռուցել, որ անվտանգ նուազագոյն ջերմաստիճան ապահովուի: Կազամատակարարումը այս նիստէն անմիջապէս առաջ վերականգնուեցաւ, բայց պարզ չէ, թէ քանի ժամով կամ որքան ժամանակով: Ելեկտրականութեան հովհարային անջատումները նախկինի նման անհրաժեշտ են, որ ելեկտրական ցանցը շարունակէ կայուն գործել…»,- ներկայացուցած է ան:
Կոնստանթինոս Սալոնիդիսը աւելցուցած է՝ ցանկացած պնդում, թէ այս իրավիճակը կրնայ լուծուիլ այն չնչին մատակարարումներով, որոնք թոյլ կու տան տեղ հասցնել, ցինիզմի դրսեւորումներ պիտի ըլլան, նաեւ՝ ցանկացած պնդում, թէ 120 հազար մարդոց հրատապ ու ընթացիկ բուժօգնութեան համար ամէն անգամ պէտք է ԿԽՄԿ-ի հետ բանակցիլ:
«Արգելափակումը պէտք է ամբողջովին վերացուի: Եւ պէտք է ապահովուի հանրային ծառայութիւններուն անխոչընդոտ հասանելիութիւնը, որ այս դաժան արգելափակումէն տուժողներուն համար հետեւանքները վերացուին: Ասիկա միայն Հայաստանի եզրակացութիւնը չէ, ասիկա նաեւ միջազգային հանրութեան եզրակացութիւնն է»,- ըսած է ան:
Կոնստանթինոս Սալոնիդիսը յիշեցուցած է ազրպէյճանին ուղղուած բազմաթիւ կոչերու մասին՝ հրատապ դադրեցնելու արգելափակումը: Ասիկա անհրաժեշտ է՝ խուսափելու մարդասիրական աղետէն, որուն վտանգը օրէ օր կ՝ահագնանայ: Ան յիշեցուցած է, որ ազրպէյճանը չէ կատարած նաեւ ՄԻԵԴ-ի որոշումը:
«Կոչերը անտեսուած են, ազրպէյճանը բացայայտ կը պարծենայ, թէ ինչպէս հնարաւոր չէ կանգնեցնել զինք, թէ ատիկա չի կրնար ընել միջազգային հանրութիւնը, անգամ՝ Սթրազպուրկի դատարանի պարտադիր ուժ ունեցող որոշումը: Իրավիճակը աստիճանաբար կը վատթարանայ, ատիկա ակնյայտ է»,-ըսած է Սալոնիդիսը՝ աւելցնելով, որ մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակուի, եւ մտավախութիւն ունի, որ ատիկա պիտի շարունակուի, եթէ դատարանը հրատապ չմիջամտէ:
