
Լիբանանի ԱԳՆ-ն Ափսոսանք Յայտնած է Լաչինի Միջանցքի Փակման Համար
Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ապտալլահ Պու Հապիպը Հայաստանի եւ ազրպէյճանի դեսպաններու հետ առանձին հանդիպումներու ընթացքին ափսոսանք յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Լաչինի միջանցքին շուրջ վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ: Այս մասին, ըստ 168.am-ի, կը հաղորդէ Լիբանանի պետական լրատուական գործակալութիւնը:
Այսօր տարածուած յայտարարութեան մէջ Լիբանանի ԱԳՆ-ն ըսած է, որ խորապէս կ՝ափսոսայ Լաչինի միջանցքի փակման եւ այն լարուածութեան առնչութեամբ, որ այդ քայլը յառաջացուցած է տուեալ տարածքին մէջ ապրուստի եւ մարդկայնական պայմաններու համար:
Լիբանանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նաեւ կոչ ըրած է Հայաստանին եւ ազրպէյճանին վարելու երկկողմ բանակցութիւններ՝ ընդգծելով, որ երկխօսութիւնը վէճերու լուծման միակ միջոցն է։