
ազրպէյճանը Կը Պատրաստուի. Զօրավարը Փաշինեանին Կոչ Ըրած է Հաշուի Նստելու Քննադատութեան Հետ եւ Վերացնելու Խնդիրները
ազրպէյճանը կը պատրաստուի, եւ որքան թոյլ է Հայաստանը, այնքան հակառակորդը անոր մինչեւ վերջ վնասելու աւելի շատ հնարաւորութիւններ ունի։ Այս մասին, ըստ NEWS.am-ի, ըսած է Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ, զօրավար-հրամանատար Նորատ Տէր-Գրիգորեանցը։
Տէր-Գրիգորեանցը ըսած է, որ փաշինեանը ոչնչացուցած է Հայաստանի զինուած ուժերուն մարտունակութիւնը՝ կոչ ընելով վերականգնելու զայն, իսկ «հակառակ պարագային պատերազմ պիտի ըլլայ, եւ Հայաստանը ամբողջութեամբ պիտի կործանուի»։
Անոր գնահատականով, Հայաստանի իշխանութիւնները 44-օրեայ պատերազմէն առաջ աւերած են բանակը, իսկ յետոյ սկսած են կամաւորներ փնտռել։
Զօրավարը կոչ ըրած է վերականգնելու ռազմական քաղաքականութիւնը, ռազմական սկզբունքը, զօրաշարժի տեղակայման ծրագիրը, երկրի խաղաղ վիճակէն ռազմական իրավիճակի անցնելու ծրագիրը։
«Այդ պարագային Հայաստանը ուժեղ պիտի ըլլայ եւ անոր վրայ չեն յարձակիր։ Եթէ անգամ Հայաստանի իշխանութիւնները ասիկա քննադատութիւն կը համարեն, թող այդպէս ալ մտածեն, բայց խնդիրները վերացնեն»,- նշած է ան։